ՀՀ Կը Շարունակէ Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայերուն Անհրաժեշտ Օգնութիւն Տրամադրել

Սուրիոյ մէջ շուրջ 5 տարի շարունակուող պատերազմի պատճառով հազարաւոր սուրիահայեր  հաստատուած են Հայաստանի մէջ. այս պահուն անոնց թիւը մօտ 16-17 հազար է:

Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշմամբ` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերը չեն կրնար կոչուիլ փախստականներ, թէեւ անոնք փաստացի փախստական են: Եւ ի տարբերութիւն Լիբանանի, Թուրքիոյ կամ Յորդանանի` Հայաստան Եւրոմիութենէն եւ ԱՄՆ-էն զգալի որեւէ ֆինանսական աջակցութիւն չէ ստացած փախստականները ընդունելու համար: Մեր երկրին այդ հարցով կ’օգնէ միայն ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակը իր սուղ միջոցներէն, ինչպէս նաեւ Քուէյթը, Աւստրիան եւ Ռուսաստանը, որոնք նոյնպէս մարդասիրական օգնութիւն  ցուցաբերած են սուրիահայերուն:

Պետութիւնը պարտաւորուածութիւն ստանձնած է անոնց անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու հնարաւոր բոլոր միջոցներով եւ այդ ուղղութեամբ զգալի քայլեր  կատարած է: Պետական պիւտճէէն գումար  յատկացուած է թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայերու կարիքներուն համար: Բացի այդ, ընդունուած են օրէնսդրական քայլեր, որոնք կը նպաստեն սուրիահայերուն աջակցութեան տրամադրումը համակարգուած կազմակերպելուն: Ստեղծուած է սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող միջգերատեսչական մարմին, որ իր ամէնամսեայ նիստերուն կը քննարկէ առկայ խնդիրները եւ լուծումներ կ’առաջարկէ: Մեր հայրենակիցներու մեծ մասը կրթութեան, մշակոյթի, սպասարկման ոլորտներուն մէջ գտած է իր տեղը, իր հետ բերած նաեւ նոր աշխատանքային մշակոյթ:

Հայաստանի մէջ 300 եւ աւելի կայացած սուրիահայ գործարարներ կան, որոնց կէսէն աւելին պետութենէն  վարկ վերցուցած է` ամենացած` 4 % տոկոսադրոյքով եւ 5 տարի ժամկէտով: Գումարը 15­-20 հազար տոլար է, որ գործ սկսելու համար բաւականին խոշոր գումար է:

500-է աւելի սուրիահայ աշխատանքի  տեղաւորուած է փոքր գործարարութեան  մէջ կայացած սուրիահայ գործարարներու մօտ:

«Հայերն այսօրի» հարցումին ի պատասխան` Հայաստանի ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնը տրամադրած է հետեւեալ տեղեկատուութիւնը.

«2013-2015 թուականներուն ընթացքին ֆինանսական աջակցութիւն  տրամադրուած է 90 սուրիահայ (ՓՄՁ մարմին) գործարարներու, որոնք գործունէութիւն  ծաւալած են հիմնականին մէջ ինքնաշարժներու տեխնիքական սպասարկման, սնունդի սպասարկման եւ ոսկերչութեան ոլորտներուն մէջ: Տրամադրուած երաշխաւորութեան ընդհանուր գումարը կը կազմէ 388.3 մլն ՀՀ դրամ: Սուրիահայ 22 գործարարի վերաբերեալ գումարի բռնագանձման պահանջով քաղաքացիական հայց  ներկայացուած է դատարան: Անոնցմէ 10-ի վերաբերեալ դատարանները բաւարարած են Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ի պահանջը, իսկ միւսները կը գտնուին քննութեան փուլին մէջ: Դատարան ուղարկուած գործերով 36-ի վերաերախշաւորողի գոյքի վրայ դրուած է արգելանք:

Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ը  տեղեկացուած է ֆինանսական աջակցութիւն ստացած սուրիահայերու կողմէ բարձրացուած խնդիրներուն եւ ատոնց լուծման նպատակով պարբերաբար քննարկումներ կը կազմակերպուին սուրիահայ գործարարներու հետ եւ հնարաւորութեան պարագային պարտադիր աջակցութիւն կը ցուցաբերուի:

2016 թուականի Փետրուար 9-ին Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչի մասնակցութեամբ, հանդիպում  կազմակերպուած է սուրիահայ գործարարներու հետ եւ քննարկուած են ՀՀ վարչապետին հասցէագրուած դիմումին մէջ արծարծուած խնդիրները: Հանդիպման ընթացքին անհատական քննարկուած են ժամկէտանց եւ չմարուած ֆինանսական պարտաւորութիւններ ունեցող սուրիահայ գործարարներու խնդրանքներն ու առաջարկութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ կապուած են դատարան չդիմելու եւ լրացուցիչ համաձայնագիրներ կնքելու խնդրանքին հետ` ֆինանսական պարտաւորութիւնները մարելու նպատակով:

Քննարկուած են նաեւ վերաերաշխաւորող քաղաքացիներու հարցը, որոնք խնդրի առաջ  կանգնած են վարկային պարտաւորութիւնները չմարած շահառուներու պատճառով եւ պատասխանատուութիւն կը կրեն իրենց սեփականութիւն հանդիսացող գոյքով: Նշուած խնդիրով Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ը կը զբաղի արդէն 2-րդ տարին շարունակ եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը փորձէ օժանդակել սուրիահայ գործարարներու խնդիրներու լուծման: Քննարկումներու արդիւնքով Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ը յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը, օրէնքի սահմաններուն մէջ, ընդառաջելու եւ լրացուցիչ համաձայնագիրներ կնքելու այն շահառուներու եւ վերաերաշխաւորող քաղաքացիներուն հետ, որոնք կը պարտաւորուին ամսական կտրուածքով, մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով, մարել իրենց ֆինանսական պարտաւորութիւնները»:

Այս ամէնը ի գիտութիւն անոնց, որոնք կը փորձեն Հայաստանէն հեռացող սուրիահայերու մասնաւոր օրինակով ստուերել այն աշխատանքը, որ կ’իրականացուի սուրիահայերուն աջակցելու ուղղութեամբ: Չմոռնանք, որ Հայաստանէն եւրոպական երկիրներ կամ Գանատա տեղափոխուող սուրիահայերէն շատերուն հարազատներն ու մտերիմները ժամանակին մեկնած են այդ երկիրները, եւ կապը Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն հետ եղած է մշտական: Այդ երկիրներու մէջ հաստատուած եւ յաջողութիւններու հասած անոնց հարազատներու յորդորով  անոնք կը մեկնին Հայաստանէն`  աւելի լաւ կեանք գտնելու յոյսով:

Իսկ որպէս վերջաբան` մէջբերենք «Հայերն այսօր»ի մէջ հրապարակուած (հարցազրոյցը կրնաք կարդալ այստեղ) սուրիահայ երիտասարդ Շանթ Դանիէլեանի յորդորը բոլոր անոնց, որոնք կը պատրաստուին հեռանալ Հայաստանէն. «Մեր պապերը տասնամեակներ  պայքարած են Սուրիոյ մէջ, որ հասնէին անոր, ինչ որ մենք ժառանգած էինք այնտեղ: Հիմա ալ  ժամանակ պէտք է Հայաստանի մէջ հաստատուելու համար: Պիտի սկսինք մենք մեզմէ, դառնանք աւելի օրինապահ ու օրինապաշտ, սակայն օրէնքներն ալ պիտի բարեփոխուին: Աշխատելու բաւականին տեղ կայ: Թո՛ղ չշտապեն հեռանալ: Թո՛ղ վստահ ըլլան, որ իրենց զաւակները իրենցմէ լաւ պիտի ապրին, ինչպէս Սուրիոյ մէջ իրենք  իրենց պապերէն լաւ ապրած են: Ես լաւ գիտեմ դժուարութիւններուն մասին, բայց որոշակի զոհողութիւններու երթալով` հնարաւոր է լաւ արդիւնքի հասնիլ նաեւ Հայաստանի մէջ»:

Նման օրինակներ կարելի է շատ թուարկել ու մէջբերել. ի վերջոյ իւրաքանչիւր ոք կը տեսնէ այն` ինչ կը ցանկայ տեսնել: Եկէք բարին տեսնենք…

Scroll Up