Կը Շարունակուի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Շինարարութիւնը
Հայ օգնութեան միութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներէն մէկը «Սօսէ» մանկապարտէզներու ծրագիրն է: Այսօր Արցախի մէջ կը գործեն ՀՕՄ-ի 8 մանկապարտէզներ` Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մեծ Թաղերու, Տողի, Ակնաբերդի, Աշանի,Խնձրիստանի եւ Քարեգահի մէջ:
«Սօսէ» մանկապարտէզի նախկին շէնքը իր յարկին տակ կ’ընդունէր 100 երեխայի: 2014թ. Ապրիլին ԼՂՀ երկրաշարժային ծառայութիւնը շէնքը գնահատած է վթարային, եւ մանկապարտէզը փակած: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի եւ միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցին կողմէ անմիջապէս կեանքի կոչուած է միասնական ջանքերով նոր մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիր: Այսօր արդէն ՀՕՄ-ի կողմէ իրականացուող դրամահաւաքի շնորհիւ հիմքէն նոր մանկապարտէզ կը կառուցուի:
aparaj.am-ի փոխանցմամբ` շինարարութիւնը սկսած է անցած տարուան Օգոստոսին, շահագործումը կը նախատեսուի յաջորդ տարուան Մայիսին: Աշխատանքներուն կը հետեւի նաեւ ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան Քաղաքաշինական պետական տեսչութիւնը: Ինչպէս տեղեկացուցին ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութենէն` արդէն աւարտած է պատերու շարուածքը, իսկ երկաթպեթոնէ աշխատանքները աւարտման փուլին մէջ են:
Նախադպրոցական հաստատութիւնը 3 յարկանի պիտի ըլլայ: Արցախցի փոքրիկներուն համար կառուցուած շէնքը պիտի ըլլայ յարմարաւէտ եւ ժամանակակից չափանիշերուն համապատասխան:
ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութիւնը, «Սօսէ» մանակապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբը եւ ՀՕՄ-ի տարբեր կառոյցներ ԱՄՆ-ի, Գանատայի մէջ եւ ամէնուր կը շարունակեն նախաձեռնել դրամահաւաք ձեռնարկներ` շինարարութիւնը արագ աւարտելու նպատակով: