Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց Սուրիահայերու Հիմնախնդիրներուն Նուիրուած Աշխատաժողով

ՀԲԸՄ հայաստանեան ներկայացուցչութեան նիստերու դահլիճին մէջ եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ Փետրուար 24-ին մեկնարկած «Մարդասիրական արձագանգէն դէպի կայուն լուծումներ» խորագիրով աշխատաժողովը, որ նուիրուած է Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու հասարակութեան ընդելուզման դիւրացման խնդիրներուն:

Ինչպես կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղեկալ Աշոտ Յովակիմեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող, ՄԱԶԾ մշտական ներկայացուցիչ Պրետլի Պուսեթոն:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ ողջունելով աշխատաժողովի մասնակիցները՝ բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով յանձնակատարի ՀՀ գրասենեակի դերակատարութիւնը եւ ՀԲԸՄ-ի շարունակական գործունէութիւնը` ուղղուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման աջակցութեան, հասարակական ընդելուզման:

Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան դերն ու պատրաստակամութիւնը, աշխոյժ ջանքերը` սուրիահայութեան օգնելու ուղղութեամբ:

Հրանոյշ Յակոբեան իր ելոյթի ընթացքին մատնանշեց նաեւ պետական մարմիններու, հոգեւոր կառոյցներու, համահայկական, բարեգործական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

«Ակնյայտ է, որ սիրիահայերի հիմնական մասը Հայաստանում ինտէգրուել է, աշխատում է, սակայն կան որոշակի բարդութիւններ, յատկապէս` բնակարանի եւ աշխատանքի հիմնահարցերում: Փորձում ենք ոչ միայն միջազգային կառոյցների, այլ նաեւ համահայկական բարեգործական կազմակերպութիւնների ուժերը մէկտեղել, կարողանալ օգնել, որպէսզի իւրաքանչիւր մեր հայրենակից, որը կարիք ունի բնակվարձի, անպայման ստանայ»,- նշեց Սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, որ 800 ընտանիք ամէն ամիս կը ստանայ 200 տոլարին համարժէք հայկական դրամ, որպէսզի լուծէ բնակարանի վարձի խնդիրը:

Բացման ելոյթներէն յետոյ աշխատաժողովը իր ընթացքը կը շարունակէ 4 հարթակներու վրայ, ուր Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող պետական գերատեսչութիւններու, հասարակական, միջազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները կը քննարկեն սուրիահայերու ընդելուզման, կրթական, հասարակական, հոգեբանական աջակցութեան առնչուող հարցեր: Աշխատաժողովին նպատակն է նշուած խնդիրներու լուծման համար միջոցներու հաւաքագրումը, լուծման ուղիներու յստակեցումը եւ ակնկալուող առաջարկներու համակարգումը:

Scroll Up