Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Սմէն» Նախագիծը Պիտի Ներկայացուի Իտալիոյ «Արէնա Տի Վերոնա» Դահլիճին ՄԷջ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Ամէն» նախագիծը Իտալիոյ մէջ պիտի ներկայացուի Օգոստոս 15-ին եւ 16-ին: «Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուց Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի պալեթմայսթեր Ռուտոլֆ Խառատեան` անդրադառնալով նախորդ տարի յետաձգուած ձեռնարկին:
««Ամէն»-ը պիտի ներկայացուի Իտալիոյ «Արէնա տի Վերոնա» դահլիճին մէջ: Լաւագոյն խումբերը, բեմադրողները այդ դահլիճին մէջ վախնալով ելոյթ կ’ունենան: Նախագիծին շուրջ պիտի հաւաքուին համաշխարհային աստղեր, կատարողներ: Ամբողջ ներկայացման մէջ կարմիր գիծով պէտք է անցնի հայոց պատմութիւնը»,-նշեց Ռուտոլֆ Խառատեան:
ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտին խօսքով` ներկայացումը ինք պիտի բեմադրէ: «Շատ պատասխանատու է` ինչպէս ներկայացնել Հայաստանը, որ ճանչնան քեզ: Մանրակրկիտ աշխատանք է: Մենք աշխարհին բան ունինք ցոյց տալու»,-շեշտեց ան` աւելցնելով, որ նախորդ տարի Վերոնայի մէջ տեխնիկական խնդիրներ եղած են, այդ իսկ պատճառով ներկայացման անդրանիկ ելոյթը յետաձգուած է:
«Ամէն»-ը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը, անոր ծագման, ճակատագրի պատմութիւնը: Նախագիծին նպատակն է ցոյց տալ, որ Հայաստան, չնայած բոլոր դժուարութիւններուն ու կորուստներուն, կը շարունակէ ըլլալ ծաղկող, երջանիկ եւ ստեղծարար երկիր:
Իրադարձութեան պիտի մասնակցին Neue Philharmonie Hamburg-ը,«Հովեր» կամերային երգչախումբը, օփերայի արուեստագէտներ Յասմիկ Պապեան, Մարիօ Ֆրանգուլիս, Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը, Բարսեղ Թումանեան, Ջուլիէթ Գալստեան, Ռոզի Անոյշ Սվազլեան եւ այլք: