«Իմ Հոգիս Ծնած Է Հայ Ըլլալու Եւ Հայ Մնալու Համար».Արթուր Տաշչեան

«Հայերն այսօրի» զրուցակիցը Արթուր Տաշչեանն է, որ արդէն  մէկ տարի է` կ’ապրի եւ կ’աշխատի Հայաստանի  մէջ:

Արթուրը 12 տարեկան էր, երբ 10 օրով գնաց Ռուսաստան` ձմեռնային արձակուրդները անցնելու, բայց ռուսերէն լեզուի հանդէպ սէրը եւ միջավայրը (ինչ-ինչ պատճառներով) փոխելու ցանկութիւնը Արթուրին պահեցին հայրենիքէն հեռու 20 տարի:

 «Ես գացի  ընդամէնը տաս օրով, բայց մնացի ուղիղ 20 տարի»,- զրոյցին ընթացքին պատմեց Արթուրն ու աւելցուց, որ դպրոցը աւարտելէ ետք  միշտ  զգացած է, որ պիտի վերադառնայ հայրենիք: Այդ էր պատճառը, որ սկսաւ հայրենիքի մասին բանաստեղծութիւններ գրել: Ու մինչեւ այժմ ալ կը պահէ մանկութեան տարիներուն գրած «մաշուած կարօտի» տողերը:

Հայրենիքի կարօտը յետագային Արթուրին կը տանի դէպի տուտուկը: Ռուսաստանի մէջ ան կը ծանօթանայ տաղանդաւոր տուտուկահարի  մը հետ, կը գնէ ծիրանափող եւ կը սկսի նուագել: Չունենալով երաժշտական կրթութիւն` Արթուրը կրնայ սորվիլ եւ նուագել «Տլէ եաման» ստեղծագործութիւնը:

Շատ լաւ տիրապետելով անգլերէնին` ան կ’ընդունուի Փեատիկորսկի  լեզուաբանական համալսարան, չպատկերացնելով, որ յետագային պիտի դառնայ մանկավարժ եւ պիտի սկսի դասաւանդել համալսարանի եւ դպրոցի մէջ:

2011 թուականը Արթուրին համար բեկումնային դարձաւ. ծրագրած էր այցելել արաբական որեւէ երկիր, բայց անսպասելիօրէն կ’որոշէ երթալ Արեւմտեան Հայաստան. «Այնտեղ ես հասկցայ, որ դեռ չէի հասցուցած երազել, երբ իմ երազանքս իրականութիւն դարձաւ: Հիմա ալ, երբ կը հարցնեն`  կը ցանկաս երթալ  Արեւմտեան Հայաստան, ես կը  պատասխանեմ,  որ ատիկա իմ երազանքս է»:

Վանի մէջ Արթուրը կ’որոշէ ձգել ամէն ինչ եւ վերադառնալ Հայաստան: Արեւմտեան Հայաստան այցէն մէկ տարի ետք կ’այցելէ Հայաստան. առիթներէն մէկն ալ կը դառնայ Սփիւռքի նախարարութիւնը:

Ամէն բանի մէջ  առաջինը ըլլալու ցանկութիւնը Արթուրին հնարաւորութիւն կու տայ մասնակցելու Սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացներուն: Այստեղ ան կը  ծանօթանայ շատ հայ երիտասարդներու հետ, նոր ընկերներ ձեռք կը բերէ: Երկու շաբթուան մէջ կը հասցնէ շատ բան տեսնել ու սորվիլ: Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրը Արթուրի սրտին մէջ  աւելի  կ’ամրապնդէ հայրենիք վերադառնալու ցանկութիւնը:

Հարցին` ինչպէս ընդունեցին ծնողները Հայաստան վերադառնալու որոշումը, Արթուր կը պատասխանէ. «Չնայած ինծի շատ խիստ  դաստիարակած են, բայց ես միշտ ունեցած եմ ընտրութեան հնարաւորութիւն, որուն համար եւ ընդհանրապէս ամէն ինչի համար շնորհակալ եմ իմ ծնողներուս: Բնականաբար, Հայաստան վերադառնալու որոշումը ծնողներս դժուարութեամբ ընդունեցին: Մօտ մէկ տարի մեր տան մէջ անընդհատ վերադարձի նոյն խօսակցութիւնները կը դառնային. այսօր արդէն ես Հայաստանի մէջ եմ: Ռուսաստանի մէջ դասաւանդած եմ համալսարանի, դպրոցի մէջ, աշխատած Հայկական մշակոյթի կեդրոնին եւ Ռուսաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ:  Բայց ձգեցի ընտանիքս, ընկերներս, աշխատանքս ու տեղափոխուեցայ Հայաստան»:

Հայաստան հաստատուելու համար Արթուրը կը փորձէ ինչ-որ բան ընել, նոր մասնագիտութիւն ձեռք բերել: Repat Armenia հիմնադրամի ղեկավարներու խորհուրդով եւ աջակցութեամբ կը յայտնուի Արմէն Երանոսեանի (Planet Travel Club-ի հիմնադիր եւ տնօրէն) –շրջագայութիւններ-վարող որակաւորման անվճար դասընթացներուն: Մէկ անգամ եւս կը կատարուի Արթուրի երազանքը. Ան կը սկսի որպէս շրջագայութիւններ-վարող աշխատիլ:  Առաջին աշխատանքային փորձառութիւնը Արցախ կատարած ուղեւորութիւնն էր. «Իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկի հետ ես նոր կեանք մը կ’ապրիմ: Ես չեմ ուզեր ըսել, որ կ’աշխատիմ շրջագայութիւններ-վարող կամ ուսուցիչ. ատոնք ինծի համար ոչ թէ աշխատանք, այլ կոչում են»:

Այսօր Արթուրը կ’ապրի եւ կ’աշխատի Հայաստանի մէջ: Ան իր հայրենասէր ոգիին համար շնորհակալ է ծնողներուն` դեռ մանկութենէն իր մէջ  հայրենասիրութիւն սերմանելու եւ հայեցի դաստիարակելու համար. «Ես կը սիրեմ այն, ինչ կ’ընեմ: Իմ հոգիս ծնած է հայ  ըլլալու եւ հայ մնալու համար, իմ միակ սնունդս հայոց լեզուն, հայկական պարը, հայկական երգն է:

Կը ցանկամ, որ իմ պատմութիւնս դպչի շատերու սրտին եւ օրինակ ըլլայ բոլոր այն երիտասարդներուն համար, որոնք կ’ապրին հայրենիքէն հեռու եւ կ’երկմտին` վերադառնա՞լ, թէ՞ ոչ: Անշուշտ, վերադառնա՛լ»:

Տաթեւ Դաւթեան

ԵՊՀ լրագրութեան բաժանմունքի 4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Արթուր5Արթուր1Արթուր4Արթուր6Արթուր2

Scroll Up