Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Յանձնախումբի Եզրափակիչ Նիստը Աւստրիոյ ՄԷջ

Յունուար 30-ին Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան «Հայաստան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբի եզրափակիչ նիստը, որ վարեց Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Նիստին ամփոփուեցան 2013-2015թթ. ընթացքին Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական, գիտակրթական, մշակութային ու մարզական ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան բոլոր այն նախագիծերը, որոնք հասարակական լայն հնչողութիւն ստացան ինչպէս Աւստրիոյ եւ Հայաստանի, այնպէս ալ այլ երկիրներու մէջ:
Յատուկ ընդգծուեցաւ հայոց պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկուն վերաբերեալ Աւստրիոյ հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններու` պատասխանատուութեան իրենց մասը ընդունելու, 100-ամեայ վաղեմութեան փաստերու առնչութեամբ համերաշխ դիրքորոշում յայտնելու անկեղծ պատրաստակամութիւնը: Այդ առնչութեամբ առանձնացուեցաւ Աւստրիոյ դաշնային խորհրդարանին կողմէ 2015թ. Ապրիլ 22-ին ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող ու դատապարտող յայտարարութիւնը, տեղական մարմիններու (մասնաւորապէս` Վիեննա քաղաքային իշխանութիւններու) նմանօրինակ յայտարարութիւնները, Աւստրիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ, քարտինալ Շեոնպորնի հովանաւորած ձեռնարկները:
Մշակութային ձեռնարկներէն ամենահնչեղները ճանչցուեցան հայ մշակոյթի փառատօնը Աւստրիոյ մէջ, Կարէն Ասատրեանի եւ իր ղեկավարած Armenian Spirit համոյթի Աւստրիոյ բոլոր խոշոր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած համերգները, Վիգէն Կզարթմեանի «Վերածնունդի արմատներ» համերգային նախագիծի կատարումը Հայաստանի երիտասարդական սիմֆոնիկ նուագախումբին կողմէ:
Շնորհիւ աւստրական ԶԼՄ-ներուն կողմէ տուեալ եւ շատ այլ ձեռնարկներ մշտապէս լուսաբանելու հանգամանքին` հայ ժողովուրդին, հայոց պատմութեան, մշակոյթին մասին տեղական ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեամբ ներկայացուած հեռուստաշարերու, թերթերու տպագրութիւններու, բոլոր ձեռնարկները լայն արձագանքի արժանացան աւստրիացի հանդիսատեսին եւ հասարակայնութեան մօտ:
Ամփոփելով վերջին տարիներու արգասաբեր գործունէութիւնը, դեսպան Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, աւստրիահայ համայնքային կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն` իրենց անմնացորդ աշխատանքին համար:
Աւարտին դեսպան Կիրակոսեան ՀՀ նախագահի շնորհակալագիրները յանձնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խորհուրդի վարչութեան ատենապետ Ռուբինա Ղազարեանին, աւստրիահայ գործարար Հայկ Ասէնբաուեր-Ճկնաւորեանին, եւ յանձնախումբի միւս անդամներուն: