Ամանորեայ Հանդէս Ղրղզստանի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ

Չնայած Պիշքեկի հայկական կիրակնօրեայ դպրոց կը յաճախէ ընդամէնը 10-15 հայ երիտա­­­սարդ, սակայն դպրոցը կը գործէ անխափան. չէ՞ որ մայրենի լեզուն ազգային ինքնու­թ­իւնը պահպանելու հիմնական երաշխիքն է, եւ համայնքը ամէն ինչ կ’ընէ աւելի շատ ե­րե­խաներ ներգրաւելու համար: Հայկական համայնքի հիմնադիր Հենրիխ Պալեան, որուն ջան­քերու շնորհիւ  հիմնականին մէջ կը գործէ այս դպրոցը, վստահ է, որ աստիճանաբար պիտի գան ու սորվին: Ամէն աշակերտ իր ետեւէն կը բերէ  ընկերոջը, բարեկամը, սակայն որպէսզի երեխա­ները սիրով գան դպրոց, այն պէտք է գրաւիչ ըլլայ: Հարկաւոր է դասերը հե­տաքրքիր դարձնել, մեծ տեղ տալ հայկական մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան մասին վա­ւերագրական նիւթերուն:

Դեռեւս տարեմուտին պարզ դարձաւ, որ երեխաներէն շատերը արդէն կը գրեն ու կը կարդան հա­յերէն, անգիր գիտեն հայ դասականներու բանաստեղծութիւն­ները, կ’երգեն Հայաստանին ու Երեւանին նուիրուած երգեր: Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ, որ երեխաներուն հիւր գայ Կաղանդ պապան, մասնակցի անոնց դասերուն եւ … խօսի հայերէն:

Որոշեցին եւ հէնց այդպէս ալ ըրին:

Երեխաներուն ամանորեայ իր շնորհաւորանքը  յղած էր նաեւ Տեխնիկական գիտու­թիւն­նե­րու թեկնածու, Պատ­ուա­ւոր շինարար, Ղրղզստա­նի մէջ Հունգարիոյ պատ­ուաւոր հիւպատոս, «Ղրղզ­ստան-Հունգարիա» բարե­կա­մու­թեան միութեան նա­խագահ, Ղրղզստանի Հանրապետու­թեան Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, մարմնակրթութեան պատուաւոր վարպետ Հենրիխ Պալ­եան, որուն խորին ակնածանքով կը վերաբերին համայնքէն ներս բոլորը:

Ամանորեայ ձեռնարկները իւրայատուկ խորհուրդ ունին, եւ բոլորը կը հաւատային, որ այս Նոր տարուան պիտի իրականանան իրենց նուիրական երազանքները: Ուրեմն թող 2016 թուականը դառնայ մեր հայրենիքի բարգաւաճման, իսկ իւրաքանչիւր հայու համար` բոլոր վեհ նպատակներու, նուիրական երազանքներու իրականացման եւ բարեկեցութեան տարի:

Անդրանիկ Մատինեան

Ղրղզստան, Պիշքեկ

ԲիշքեկԲիշքեկ1 Բիշքեկ2Բիշքեկ3 Բիշքեկ4 Բիշքեկ5

Scroll Up