ԱԺ Փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Այցելած Է Ռիկայի Հայկական Եկեղեցի

Աշխատանքային այցով Լաթվիոյ Հանրապետութեան մէջ գտնուող ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, Հայաստան-Լաթվիոյ պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանով Պալթեան երկիրներու մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Այվազեանի եւ Լաթվիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ Յունուար 13-ին այցելած է Ռիկայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցի:
ԱԺ փոխնախագահը Լաթվիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է անոնց յուզող հարցերը, միտքեր փոխանակուած են Հայրենիքի եւ ազգի համար օրակարգային հարցերու շուրջ:
Էդուարդ Շարմազանով ՀՀ Ազգային ժողովի պատուոգիրներով պարգեւատրած է Լաթվիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ Ռաֆֆի Խարաջանեանին, Վահրամ Քամալեանին եւ Մխիթար Մխիթարեանին` Ռիկայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման գործին մէջ ունեցած ամենաաշխոյժ մասնակցութեան եւ մեծ ներդրման համար: