Արցախի Մէջ Գիշերը Պաշտպանական Մարտի Ընթացքին Զինուոր Մը Զոհուած Է

Ղարաբաղա­-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներուն Դեկտեմբեր 18­ի գիշերը հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման գործողութիւններ:

Ինչպէս  կը տեղեկացնեն  ԼՂՀ ՊԲ մամլոյ ծառայութենէն, ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները անցած են պաշտպանութեան եւ հակառակորդին հասցնելով կորուստներ (առնուազն 2 զոհ եւ վիրաւորներ), ետ շպրտած իրենց ելման դիրքերը:

Ցաւօք, պաշտպանական մարտի ընթացքին մահացու վիրաւորում  ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1996թ. ծնեալ Ֆիտար Իկորի Ալոյեան: Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Scroll Up