Սուրիացի Փախստական Միայնակ Հայրը, Որ Յայտնի Դարձած Էր Համացանցի Վրայ, Արդէն 3 Գործարարութիւն Ունի (Լուսանկարներ)

Այս յուզիչ եւ ոգեւորող պատմութիւնը սուրիացի փախստական միայնակ հայր Ապտուլ Հալիմ ալ-Աթարմի մասին է: Ան Պէյրութ  տեղափոխուած էր եւ գրիչներ կը վաճառէր փողոցի մէջ` իր եւ երեխաներու ապրուստը ապահովելու համար:  Երբ անոր լուսանկարներէն մէկը, ուր ան մէկ ձեռքով գրկած է քնացած երեխան եւ միւսով գրիչ կը վաճառէ, տարածուած է համացանցի վրայ, շատ մարդիկ օգնած են անոր, tert.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ millionpictures.co-ն:

Նորվեկացի պլոգեր Ճիսուր Սայմոնարսոն ամիսներ առաջ սկսած է Ապտուլի համար գումար հաւաքելու արշաւը, որուն ընթացքին բազմաթիւ մարդիկ օգնած են միայնակ հօրը:
Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ մարդիկ ամբողջ աշխարհէն Ապտուլի համար հաւաքած են մօտ 191.000 տոլար:

Գումարը ստանալէ ետք սուրիացի ներգաղթեալը բացած է իր հրուշակարանը, արագ սնունդի եւ տեղական խոհանոցի ճաշարաններ: Ապտուլը նշած է, որ այդ մարդոց շնորհիւ փոխուած է ոչ միայն իր կեանքը, այլեւ իր երեխաներուն, որոնք հիմա կրնան վայելել իրենց կեանքը: Ապտուլ նաեւ օգնած է որոշ սուրիացիներու եւ փոխած անոնց կեանքը:

Երբ գործը սկսած է յառաջդիմել յաջողութեամբ, Ապտուլ օգնած է իր ընկերներուն եւ  ընտանիքին Սուրիոյ մէջ` փոխանցելով անոնց մօտ 25.000 տոլար: Ան նաեւ աշխատանքի ընդունած է 18 փախստականներու, որոնք նոյնպէս Սուրիայէն են:

Այժմ Ապտուլ իր երկու դուստրերուն հետ կ’ապրի 2-սենեականոց բնակարանի մէջ եւ յաջողութեամբ գործարարութիւն կը վարէ:

They can now afford to live in a two-bedroom apartment

Embedded image permalink

Embedded image permalink

Scroll Up