Հոլանտայի Մէջ Սկսած Է Գործել Նոր` «Կիլիկիա» Մշակութային Միութիւնը

Դեկտեմբեր 6-ին Հոլանտայի Փուրմերենտ քաղաքին մէջ սկիզբ դրուեցաւ նորաբաց հայկական «Կիլիկիա» մշակութային կեդրոնի գործունէութեան: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ «Նիտերլանտական օրագիրը»:

Մեկնարկին ներկայ էին Հոլանտայի տարբեր վայրերէ եկած հայ  համայնքի  150-է աւելի  ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ էին Մաաստրիխտի  սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ատենապետ Պրն․Լեւոն Սարգիսը, Տորտրեխտի ծխական խորհուրդի ատենապետ պրն․ Յակոբ Փանոսեանը եւ այլք:

Օրակարգը սկսաւ ՀՀ Ազգային օրհներգով, որմէ ետք  բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» մշակութային միութեան հիմնադիր, ատենապետ դոկտոր Զարեհ Յովհաննէսեան, որ խօսեցաւ կեդրոնի ապագայ ընելիքներուն մասին: Բանախօսի բնորոշմամբ’ «Կիլիկիա»ի  հիմնական նպատակը, հայութեան ջանքերը ի մի բերելն է, իրարու հետ կապերու ու շփումներու  ամրապնդումը:  Իւրաքանչիւր հայ պէտք է ինքզինքը լիարժէք կարենայ դրսեւորել  կազմակերպութենէն  ներս, հանդէս  բերէ իր հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները  մշակութային, կրթական ու այլեւայլ տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին:

«Կիլիկիա»-ի  ձեռնադրումը պիտի  ամփոփէ  հայկական աւանդական ծէսերն ու տօնակատարութիւնները`  պահպանելով եւ հաւատարիմ մնալով  հայ քրիստոնէական ինքնութեան, միաժամանակ փորձելով աջակից ու ներգրաւուած ըլլալ տեղի հասարակական, քաղաքական կեանքին, դառնալ Հոլանտայի լիարժէք քաղաքացիներ:

«Կիլիկիա»-ի մեկնարկը տրուած է. Հոլանտայի մէջ սկիզբ դրուեցաւ եւս մէկ հայ կառոյցի, որ որդեգրած է հայապահպանութեան նուիրական խնդիրները:

Բացման արարողութեան մշակութային բաժինին մէջ գեղեցիկ ելոյթներ ունեցան դաշնակահար Մեղրիկ Կարապետեան, ասմունքողներ Յովսէփ եւ Շաղիկ Ասատուրեաններ, Սեւակ Յովհաննէսեան (դաշնամուր) եւ այլք:

Ձեռնարկի պաշտօնական մասին յաջորդեց ճաշկերոյթը: Ուրախ սեղանի շուրջ  ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու իրարու հետ, փոխանակելու իրենց տպաւորութիւնները, կազմելու ապագայի համար տպաւորիչ ծրագիրներ:

«Կիլիկիա» հայ մշակութային կեդրոնը ունի  նոյնանուն կայք, ուր զետեղուած են անհրաժեշտ տեղեկութիւններ: Փափաքողները կրնան կապ հաստատել այցելելով  http://www.kilikia.nl/ կայքը:

1 2 3 4

 

Scroll Up