Արժանթինի Մէջ Կարեւոր Համարած Են Հայ Համայնքի Դերակատարումը Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցին Մէջ

Պուէնոս Այրէսի ‹‹Սիրանոյշ›› սրահին մէջ կայացած է հանդիպում արժանթինահայ համայնքի եւ Պուէնոս Այրէսի քաղաքային խորհուրդի մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային հարցերով փոխնախագահ Գլաուտիօ Աւրոյի միջեւ: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին արժանթինահայ համայնքէն տեղեկացուցին, որ հանդիպման յաջորդած պաշտօնական ճաշի ընթացքին քննարկուած է մարդու իրաւունքներու հարցը ու ներկայացուած են լուծումներ աշխարհի մէջ անվտանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:
Աւրոյը խօսած է նաեւ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ այն անուանած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Ան շեշտած է, որ կասկած չկայ` մարդկութեան դէմ յանցագործութեան դատարապարտման ամենակատարեալ տարբերակը դատարանն է:
Այս առնչութեամբ տեղի հայ համայնքը կարեւոր համարած է Հայաստանի նախաձեռնութիւնը առ այն, որ պետական մակարդակով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման զուգահեռ պէտք է նաեւ հատուցման հարցի բարձրացումը: Աւրոյը կարեւոր համարած է հայ համայնքի դերակատարումը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ եւ շեշտած, որ Արժանթինի մէջ կարեւոր կը նկատեն այդ դերակատարութիւնը: