Ջաւախքցի ծանրորդը առաջին տեղը գրաւեց
Հոկտեմբեր 25-ին Թիֆլիսի մէջ իրականացուեցաւ Tbilisi Open Cup 2015 եռամարտի, երկմարտի եւ պոկում մարզաձեւերու առաջնութիւն, ուր Ջաւախքէն Սիփան Շիպակցեան գրաւեց առաջին տեղը:
Թիֆլիսի բաց առաջնութեան 2015-ին կը մասնակցէին Վրաստանի տարբեր շրջաններէ մարզիկներ: Այն իրականացուեցաւ Հոկտեմբեր 25-ին եռամարտի (մարզանքի երեք վարժութիւններէն բաղկացած մրցաձեւէ), երկմարտ (երկու վարժութիւններէ) ու պոկում մարզաձեւերու մրցումները: Առաջնութիւնը կ’իրականացուէր Georgian powerlifting national aliance միութեան կողմէ:
Առաջնութեան կը մասնակցէին ոչ միայն Թիֆլիսի մարզիկները, այլեւ Վրաստանի տարբեր շրջաններէն: Ջաւախքը ներկայացնող Սիփան Շիպակցեան 82,5 քաշային կարգին մէջ, պոկում մրցաձեւի ժամանակ գրաւեց առաջին տեղը` բարձրացնելով 195 քկ:
«Առաջնութեան ներկայ էին իմ բոլոր ընկերներս, որոնց ներկայութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունէր ինծի համար: Իրենց ձայնը, ներկայութիւնը ինծի ուժ ու վստահութիւն կը ներշնչէր: Հիմա կը պատրաստուիմ աւելի շատ մարզուելու, քանի որ յառաջիկային դարձեալ առաջնութիւններ կան, որպէսզի կարենամ լաւագոյնս ներկայանալու: Ճիշդ է դժուար է ուսման հետ համատեղել մարզանքը, բայց եթէ նպատակ կը դնես, կը հասնիս»,- jnews.ge-ի հետ զրոյցին ըսաւ Վրաստանի Ջաւախիշուիլիի անուան պետական համալսարանի մագիստրատուրայի ուսանող` Սիփան Շիպակցեան:
Յիշեցնենք, որ այս տարի 75 քկ քաշային կարգին մէջ Սիփան Շիպակցեան, ներկայացնելով Վրաստան, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: