ԱՄՆ երկու քոնկրէսականներ միացած են շփման գծին բռնութիւններուն վերջ դնելու կոչ ընող նամակին

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ֆլորիտա նահանգի ներկայացուցիչներ Գաս Բիլիրակիսը եւ Թեդ Դոյչը միացած են ղարաբաղա­ ատրպէյճանական շփման գծին բռնութիւններուն վերջ դնելու կոչ ընող նամակին, որ այս շաբաթ կ’ուղարկուի Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքին:

Ինչպէս Armenpress-ին տեղեկացուցին ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբէն, քոնկրէսականները ստորագրած են նամակը, զոր շրջանառութեան մէջ դրած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդ Ռոյսը եւ քոնկրէսական Էլիոթ Էնգելը: «Երբ բռնութիւնը եւ վայրնգութիւնը կը սկսին օրինաչափութիւն դառնալ պատմականօրէն անհանգիստ տարածաշրջանի մէջ, մենք` իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան առաջնորդներ, պէտք է խիստ ըլլանք եւ կանխենք յետագայ բռնութիւնները եւ հնարաւոր ռազմական գործողութիւնները: Ահա թէ ինչու ես միացայ իմ գործընկերներու նամակին` ուղղուած Ճէյմս Ուորլիքին, որով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կոչ ուղղուած է ապահովել հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ կարգաւորումը: Տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար հարկաւոր է որքան հնարաւոր է արագ վերջ դնել Ատրպէյճանի վայրագութեան,­ ըսած է Բիլիրակիսը: ԱՄՆ Ֆլորիտա նահանգի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Գաս Բիլիրակիսին եւ Թեդ Դոյչին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աճող բռնութիւններուն վերջ դնելու կոչին միանալու համար:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդ Ռոյսը եւ Էլիոթ Էնգելը քոնկրէսական գործընկերներուն յորդորած էին միանալ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին խաղաղութեան պահպանման գործի մէջ ԱՄՆ­ի առաջնորդութեան վերականգնման կոչին: Քոնկրէսականները նամակ հասցէագրած են Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահին` առաջարկելով երեք քայլէ բաղկացած իրենց ծրագիրը: Քայլերէն առաջինն է` շփման գիծէն հետ քաշած բոլոր դիպուկահարներուն:

Բացի այդ, Ռոյսն ու Էնգելը կոչ կ’ընեն աւելցնել շփման գիծինմ իրադրութեան հետեւող ԵԱՀԿ-­ի դիտորդներու թիւը, ինչպէս նաեւ նոյն կազմակերպութեան հովանիի ներքոյ ճակատային գծին յատուկ տեխնիկական միջոցներ տեղադրել, որոնք կը տեսագրեն եւ կը ձայնագրեն տեղի ունեցող ողջ տեղաշարժը:

Scroll Up