Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձով մեծածաւալ գովազդային վահանակ Մասաչուսէթսի մէջ

2015թ-ի Սեպտեմբերին Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս առաջին անգամ այցելեց ԱՄՆ եւ այդ առիթով «Խաղաղութեան արուեստ» “Peace of Art Inc., կազմակերպութիւնը իր երկրորդ վահանակը բարձրացուց Ֆոքսպորոյի մէջ` յիշեցնելու անցորդներուն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի ուղերձը` անոր կողմէ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, ուր ան Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանած էր “20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը”` աւելցնելով. «Չարիքը թաքցնելը կամ ուրանալը նոյնն է, թէ թոյլ տալ վէրքը արիւնահոսի` չվիրակապելով զայն»: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Հեղինէ Գէորգեան «Peace of Art Inc.» կազմակերպութենէն:

Առաջին վահանակը բարձրացուած էր 2015-ի Յունիսին Շերոնի մէջ, որ կը ներկայացնէր շնորհակալական ուղերձ. «Շնորհակալութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին իր կողմէ մատուցուած պատարագին համար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին»:

«Թէպէտ «100 վահանակ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին» խորագիրով «Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութեան վահանակներու քարոզարշաւը յայտարարած էինք փակուած, բայց Պապ Ֆրանչիսկոսի այցը ԱՄՆ առիթ հանդիսացաւ եւս մէկ վահանակով երախտահատոյց ըլլալ պապին` ներառելով իր պատգամը` ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն` կանխելու համար յետագայ արիւնահոսութիւնները, ինչպէս նաեւ ցանկալով կոչ ընել աշխարհի առաջնորդներուն` ունենալ քաջութիւն եւ հետեւիլ պապի օրինակին»,- ըսած է «Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան:

2003 թ-ին Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան հիմնադրեց «Խաղաղութեան արուեստ» “Peace of Art Inc.,”www.peaceofart.org անշահոյթ կրթական կազմակերպութիւնը: 1996 թ-էն ի վեր ամէն տարի Ապրիլ ամսուն ԱՄՆ-ն ականատես կ’ըլլայ մեծածաւալ գովազդային վահանակներու, որոնք ահազանգ կը հնչեցնեն` չըլլալ անտարբեր, ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

2015 թ-ի Յունուարէն սկսած «Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութիւնը նախաձեռնեց ցեղասպանութեան իրազեկման վահանակներու քարոզարշաւը` «100 վահանակ` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին» խորագիրով` ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներու մէջ եւ Գանատայի մէջ բարձրացնելով ելեկտրոնային եւ կայուն վահանակներ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ զոհերուն յիշատակին:

Scroll Up