Տօնական պատարագ Ռումանիոյ Գոստանցա քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ

Հոկտեմբեր 11-ին Ռումանիոյ Գոստանցա քաղաքի Ս. Մարիամ Աստուածածին հայ եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ մատուցուեցաւ տօնական Սուրբ Պատարագ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Ռումանիոյ իր աղբիւրներէն:
Պատարագիչն էր Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան: Ս. Պատարագին ներկայ էին Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ հայերու միութեան գլխաւոր քարտուղար Պերճ Մարգարեան, ուխտաւորներ Ռումանիոյ շարք մը քաղաքներէն` Պուխարեստ, Պաքըու, Թուլչա եւ այլն: Պատարագի աւարտին Սրբազան Հօր ձեռամբ Սուրբ Էջմիածինէն բերուած Յաղթութեան Միւռոնով կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ ներկայ հաւատաւոր բազմութեան:
Այնուհետեւ, ընդունելով Գոնստանցայի հոգեւոր հովիւ Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեանի միջնորդութիւնը, թեմակալ առաջնորդը օրհնութեան գիրեր յանձնեց համայնքի ութ արժանաւոր հայորդիներու, որոնք իրենց նպաստը բերած են հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայքնի զօրացման գործին: Օրհնութեան գիրերու արժանացան Ռումանիոյ հայոց միութեան Գոնստանցայի մասնաճիւղի նախագահ Խաչիկ Կարապետը, գրող Արշալոյս Կուրըուն, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամներ Ազատուհի Պենլիանը եւ Լիւիու Մերտինեանը, երգեհոնահար Լուիզա Թերզիանը, Էդուարդ Տիրատուրեանը, Յակոբ Գէորգեանը եւ Սերժու Սարգսեանը:
Պատարագի աւարտէն յետոյ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնովին նորոգուած ու բարեկարգուած բակին մէջ կատարուեցաւ Խաչի օրհնութեան կարգ, որ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կանգնեցուած էր Խաչիկ եւ Գլեմենցա Կարապետ ընտանիքի նուիրատուութեամբ: Սրբազան Հայրը օրհնեց նաեւ մատաղը, որ բաժնուեցաւ ներկայ բազմութեան: