ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց մատրիտահայ գործարար Վահագն Հայրապետեանը

Հոկտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց մատրիտահայ գործարար,  Մատրիտի հայ համայնքի գործուն անդամ, «Հոգիս» հայկական կազմակերպութեան նախագահ Վահագն Հայրապետեանը:

Զրոյցի ընթաքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն,  հայապահպանութեան միտուած Սփիւռքի նախարարութեան  ծրագիրներուն, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ընդլայնման նպաստող նախաձեռնութիւններուն:

Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ Հայրենիքի հզօրացման հարցին մէջ Սփիւռքի գործարար շրջանակներուն  հետ կապերու ընդլայնումը: Վահագն Հայրապետեան հաւաստիացուց, որ յառաջիկային գործնական աշխատանքներ պիտի տանի սպանահայ գործարարներու կողմէ Հայաստանի մէջ  ներդրումներ կատարելու  ուղղութեամբ:

Scroll Up