Տեղի կ’ունենայ մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցադրութիւն

Սեպտեմբեր 18-ին  ժամը 11:00-ին Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ այցելութիւն  Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կը կայանայ Մուսա լերան հերոսամարտին, մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցասրահի բացումը եւ  «Ֆրանսական պետութեան աջակցութիւնը հայերուն» գիրքի շնորհանդէսը:

Scroll Up