Գանատայի Պահպանողական կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ հիւպատոսարան հաստատելու խոստում կատարեց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/Կանադա.jpg)
Սեպտեմբեր 8-֊ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած համայնքային հաւաքի մը ընթացքին, Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի յայտարարեց, թէ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութիւնը եթէ յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն վերստին իշխանութեան գլուխ գայ, որոշած է Հայաստանի մէջ Գանատայի պետութեան հիւպատոսարան հաստատել։ Այս մասին «Հայերն այսօր» կը տեղեկանայ Հայկական Գանատական Պահպանողական Ընկերակցութենէն:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ հիւպատոսարանի կողքին պիտի հիմնուի եւ գործէ գանատական առեւտրական գրասենեակ, որուն նպատակը պիտի ըլլայ յաւելեալ զարկ տալ Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական գործառնութեանց եւ տնտեսական մարզէն ներս միջ֊պետական համագործակցութեան։