Աւստրիացի եւ գերմանացի կամաւորները կ’օգնեն ներգաղթեալներուն հեռանալ Հունգարիայէն

Աւստրիայէն Հունգարիա  ուղեւորուած է շուրջ 150 մեքենա, որպէսզի տեղափոխէ այնտեղ գտնուող Միջին արեւելքէն ժամանած ներգաղթեալները:

BBC-ի հաղորդմամբ` շարասիւնի  կազմին մէջ  աւստրիական եւ գերմանական մեքենաներ են:

Փախստականներուն կը տեղափոխեն Աւստրիա եւ Գերմանիա  շոգեկառքերով եւ հանրակառքերով: Կամաւորներէն մէկը BBC-ի թղթակիցին տեղեկացուցած է, որ իրենք կը ցանկան փախստականներուն տեղափոխել Վիեննայի մօտակայքը տեղակայուած ճամբարներ:

Միեւնոյն ժամանակ ոստիկանութիւնը կամաւորներուն խնդրած է չտեղափոխել փախստականներուն, քանի որ ատիկա մարդոց  անօրինական տեղափոխութիւն է:

Յիշեցնենք, որ  քանի մը օր շարունակ ներգաղթեալները մնացած են Պուտապեշտի կայարանին մէջ, քանի որ երկրի իշխանութիւնները անոնց չէին ձգեր հեռանան, որմէ յոգնած փախստականները սկսած են ոտքով քալել դէպի Աւստրիոյ  սահմանը:

Scroll Up