Տաւուշի մէջ հակառակորդի գնդակէն վիրաւորուածները մայր ու որդի են

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին Սեպտեմբեր 2-ի լոյս 3-ի գիշերը լարուած  եղած է: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան յայտնեց, որ այս պահուն իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2-ի երեկոյեան հակառակորդը  քանի մը ժամ կրակ  բացած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերու ուղղութեամբ: Վիրաւորուած է Կոթի գիւղի 2 բնակիչ, որոնք պիտի  տեղափոխուին Նոյեմբերեանի բժշկական կեդրոն:

Scroll Up