Օզտեմիր. «Թուրքիոյ մէջ որպէս ալեւի ներկայացող 1 մլն ծպտեալ հայ կայ»

Թուրքմէն-ալեւիական «Պեքթաշի» հիմնադրամի նախագահ Օզտեմիր յայտարարած է, թէ  Թուրքիոյ մէջ փողոցային միջադէպերուն մասնակցող եւ  ալեւի ներկայացողները բոլորն ալ ծպտեալ հայեր են (kıripto Ermeniler): Այս մասին  կը յայտնէ ermenihaber.am-ը:

Օզտեմիր «Kanalahaber.com» տուած հարցազրոյցին ժամանակ յայտարարած է, որ ալեւիները չեն մասնակցիր փողոցային անկարգութիւններու, որոնք  «Զուգահեռ կառոյցի» (կիւլէնականներ. իսլամի յայտնի քարոզիչ, ԱՄՆ-ի մէջ բնակող թուրք միլիարատէր Ֆեթուլլահ Կիւլէնի հիմնադրած շարժման հետեւորդներ) ձեռքի գործն են: Անոր պնդմամբ` մէկ միլիոն ծպտեալ հայեր կը համագործակցին կիւլէնականներուն հետ`  ի վնաս թրքական պետութեան:

Ըստ Օզտեմիրի` ոեւէ ալեւի քաղաքացի ունակ չէ մարդ սպաննելու, քանի որ ատիկա դէմ է իրենց կրօնին: Ան պնդած է, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած  շարք մը ահաբեկչական դէպքերուն մասնակցող, «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» գրոհայիններուն միացող, իրենց ալեւի անուանող մարդիկ բոլորն ալ ծպտեալ հայեր են: Կը նշուի, թէ ծպտեալ հայերը իբր նպատակ ունին վարկաբեկել ալեւիական համայնքը:

 

Scroll Up