Պինկէոլի Հայկական Ս. Գէորգ Եկեղեցին Պիտի Վերակառուցուի

Թուրքիոյ Պինկէոլ նահանգի Չանաքչի գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին պիտի վերակառուցուի Էրզրումի մշակութային արժէքներու պահպանութեան շրջանային կառոյցի որոշումով: Այս մասին՝ ըստ Tert.am-ի՝ կը տեղեկացնէ Բինկէոլի նահանգապետարանը:

Փլուզման վտանգի առաջ կանգնած եկեղեցին, որ, ենթադրաբար, աւելի քան 250 տարուան պատմութիւն ունի, անխնամ մնալու հետեւանքով գրեթէ աւերուած է: Չանաքչիի գիւղապետ Մեհմեթ Ասալը յայտարարած էր, որ եկեղեցին շտապ վերակառուցման կարիք ունի, հակառակ պարագային պիտի փլուզուի եւ վնասէ յարակից տուները:

Գիւղապետին բողոքէն ետք նահանգապետարանը այդ մասին տեղեակ պահած է մշակութային արժէքներու պահպանման շրջանային կառոյցին, եւ վերջինս եկեղեցին վերակառուցելու որոշում կայացուցած է:

Օգոստոս 8-ին Թուրքիոյ մէջ պիտի վերաբացուի մէկ այլ հայկական եկեղեցի` Սթամպուլի Քարթար շրջանին մէջ գտնուող 18-րդ դարու Ս. Նշանը: Սթամպուլի արուարձանին մէջ գտնուող եկեղեցին, որ գործած է 1776-էն, փակուած էր 2 տարի առաջ` հայ համայնքի թիւը պակասելուն եւ վերանորոգման աշխատանքներուն հետեւանքով: Այժմ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին կը մօտենան:

1914-ին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական եկեղեցական հաստատութիւններու ընդհանուր թիւը 2549 Էր: Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1974-ի տուեալներուն համաձայն, 1923-էն ետք մնացած 913 կառոյցներէն 464-ը ամբողջովին անհետացած են, 252-ը աւերակ են, 197-ն ամբողջովին նորոգման կարիք ունին:

Scroll Up