Կարէն Գրիգորեան Պարսելոնայի մրցաշարի յառաջատարն է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/շախմատ.jpg)
Ճատրակի Հայաստանի ախոյեան Կարէն Գրիգորեան կը շարունակէ յաջող ելոյթեր ունենալ Պարսելոնայի մէջ ընթացող միջազգային շախմատային մրցաշարին:
Հայաստանի ճատրակի միութեան փոխանցմամբ` Պարսելոնայի մէջ ընթացող բաց մրցաշարին հանդէս կու գան նաեւ Հայաստան ներկայացնող գրոսմայստեր Կարէն Գրիգորեան, միջազգային վարպետներ Տիգրան Յարութիւնեան եւ Տիգրան Ս. Պետրոսեան: Մրցաշարային աղիւսակը խաղցուած 4 շրջաններէն յետոյ միանձնեայ կը գլխաւորէ Կարէն Գրիգորեան, որ ունի 4 միաւոր: Տիգրան Պետրոսեան ունի 3, իսկ Տիգրան Յարութիւնեան` 2.5 միաւոր: