Բակօ Սահակեան Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանէն ներս խօսած է Արցախի պետականաշինութեան մասին
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարան եւ այնտեղ հանդէս եկած ելոյթով:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, Յուլիս 8-ին խորհրդարանէն ներս ունեցած իր ելոյթին նախագահը անդրադարձած է Արցախի պետականաշինութեան, սոցիալտնտեսական զարգացման, ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ պատասխանած բարձրացուած հարցերուն:
Սահակեան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան հանդէպ կը տածեն յատուկ վերաբերմունք` Մեծ Բրիտանիան դիտարկելով որպէս միջազգային քաղաքականութեան ազդեցիկ տէրութիւն, որ նաեւ ժողովրդավարութեան ու եւրոպական քաղաքակրթութեան բնօրրաններէն մէկն է: Բակօ Սահակեանի բնութագրմամբ` Արցախ շահագրգռուած է խորհրդարանական կապերու խորացման, գիտակրթական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ Մեծ Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ: Երկրի ղեկավարի խօսքով` նման լաւատեսութիւն առաջին հերթին պայմանաւորուած է Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանէն ներս Արցախի եւ հայ ժողովուրդի անկեղծ ու հաւատարիմ բարեկամներու առկայութեամբ:
Հանդիպման ներկայ էին Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեան, պաշտօնատար այլ անձիք: