«Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ» միաւորումը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/0134.jpg)
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութիւններու «Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ» (ՍԻ) միջազգային միաւորումը կը պատրաստուի քննարկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ասպարէզ» պարբերականը, այս մասին որոշումը «Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ»ի խորհուրդը կայացուցած է Յուլիս 6-ին ՄԱԿի Նիւ-եորքեան գրասենեակին մէջ կայացած ժողովին ժամանակ: ՍԻ գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան տեղեկացուցած է խորհուրդին, որ վերջին 2 օրը ՍԻ ղեկավարութիւնը խորհրդակցած է միաւորման Հայաստանի (Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն) եւ Թուրքիոյ (Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւն) անդամ կուսակցութիւններուն հետ` համաձայնութեան գալու համար Ժնեւեան հանդիպման ժամանակ սահմանուած օրակարգի շուրջ, այն է` «Սոցիալիստական միջազգային դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան խնդրի շուրջ` դիտարկելով ատոր ճանաչումը քանի մը ազգային խորհրդարաններու եւ գերազգային կազմակերպութիւններու կողմէ»:
Այալայի տեղեկացմամբ` միաւորումը յաջողած է համաձայնութիւն ձեռք բերել հարցի շուրջ: «Սոցիալիստական ինթերնասիոնալ»ը կը ցանկայ կազմակերպել լսումներ կամ կլոր սեղան քննարկումներ ՀՅԴ-ի եւ ՀԺՊ-ի մասնակցութեամբ հետեւեալ հարցի շուրջ` «Արդեօք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հնարաւորութիւն կու տայ հայ- թրքական իրական հաշտեցման համար»: