Ուխտի Օր Քեսապի մէջ
Աւանդոյթի համաձայն, այս տարի եւս ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ «ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ» տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի, Կիրակի՝ 12 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 17.00-ին, Քարատուրանի «Կեղեձիկ» ուխտավայրին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, հոգեւոր հովիւ Հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեանէն: Պատարագի աւարտին տեղի կ’ունենայ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն: