Պաքուի մէջ իրարանցում է. Ալիեւը հայ բռնցքամարտիկին պարգեւատրած է (տեսանիւթ)

Newmag.am-ը կը գրէ. «Azerbaijan Television»-ը համացանցին վրայ ներբեռնած է Եւրոպական խաղերու բռնցքամարտի յաղթողներու պարգեւատրման տեսագրութիւնը, թէ ինչպէս  Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը յանձնէ հայ մարզիկ Գէորգ Մանուկեանին իր մետալը:

Հանդիսատեսը, որ ամէն անգամ իրեն բնորոշ սուլոցներով կ’ընդունէր «յան» ազգանուն ունեցող մարզիկները, սկսած են հերթական անգամ սուլել, սակայն նախագահ Ալիեւ ձեռքի շարժումով լռեցուցած է դահլիճը, որ ապշահար ըրած է հանդիսականին եւ հիմա համացանցի վրայ այս տեսագրութիւնը մեծ իրարանցում  յառաջացուցած է:

Նշենք, որ հայ մարզիկը այս խաղերուն կը ներկայացնէր Ուքրանիան եւ 91 քկ քաշային կարգին մէջ  նուաճած է արծաթէ մետալ:

 

Scroll Up