Տեղի ունեցաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստը

Յունիս 26-ին կայացաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որ կը վարէր յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը ծանր է եւ այնտեղէն դուրս եկող սուրիահայերը օրէ օր աւելի հակուած են այն մտքին, որ լաւագոյն տարբերակը Հայաստանի մէջ հաստատուիլն է, քանի որ Հայրենիքի մէջ աւելի արագ կը լուծուին սոցիալական, կրթական, առողջապահական եւ միւս խնդիրները: «Մենք ամէն օր ընդունում ենք նրանց եւ ըստ անհրաժեշտութեան լուծումներ տալիս կեցութեան առաջնահերթ խնդիրներին: Հիմնական հարցը մնում է նորեկներին բնակարաններով եւ աշխատանքով ապահովելու հարցը, – նշեց նախարարը` աւելցնելով, – ամառային շրջանում կարեւոր է կազմակերպել նաեւ սիրիահայ երեխաների ճամբարային հանգիստը»:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեան ներկայացուց Սուրիոյ մէջ տիրող լարուած իրավիճակի եւ հայ համայնքի խնդիրները: Նշուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ այսօրուան դրութեամբ մնացած են մեծաթիւ հայեր, եւ այն վայրերուն մէջ, ուր ռազմական գործողութիւնները կ’աշխուժանան, կը մեծնայ նաեւ հումանիտար ճգնաժամը: Հալէպը զրկուած է համացանցէն: Դժուարացած է նաեւ ոչ հայկական անուն եւ ազգանուն ունեցող հայերուն հայկական անձնագիրներ տրամադրելու հարցը:

Սուրիահայերու հանրակրթական եւ համալսարանական ուսումնառութեան կազմակերպման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն մասին խօսեցաւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան:

Երեւանաբնակ սուրիահայերու սոցիալական աջակցութեան ծրագիրներու մասին խօսեցաւ, Երեւանի քաղաքապետարանի սոցիալական ապահովութեան վարչութեան պետ Ռուզաննա Զաքարեան:

Քննարկուեցան ընթացիկ այլ հարցեր:

??????????????????????????????????????????????????????????????

Scroll Up