Կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը
Յունիս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը:
Օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր երեք հարց: Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վ. Վարդանեան ներկայացուց ՀՀ կառավարութեան 2011 թուականի Մարտ 10-ի N 211-ն որոշմամբ հաստատուած «Տեղեկատուական եւ ուսուցողական կայքերու մշակման եւ սպասարկման ծառայութիւններ» ծրագիրի կատարման ընթացքը: Խօսելով վարչութեան գործառոյթներուն մասին` զեկուցողը նշեց. «Սփիւռքում հայոց լեզուի պահպանման եւ տարածման խնդիրն օրակարգային է: Սփիւռքահայութեան ստուար հատուածը չի տիրապետում կամ մասնակիօրէն է տիրապետում մայրենի լեզուին: «Տեղեկատուական եւ ուսուցողական կայքերի մշակման եւ սպասարկման ծառայութիւններ» ծրագրի շրջանակներում մշակուել եւ գործարկւում են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ելեկտրոնային գրադարանը` www.libmindiaspora.am, Սփիւռքի պատմութեան վիրտուալ թանգարանը` www.armdiasporamuseum.com, Արեւելահայերէնից` արեւմտահայերէն եւ հակառակը փոխարկիչ ծրագիրը (այժմ ISMA ինտերնետային լեզուային կենտրոն) www.translator.am, եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ամենօրեայ ելեկտրոնային թերթը` www.hayernaysor.am: Գրադարանում իւրաքանչիւր ամիս թուայնացւում եւ տեղադրւում է 3.000 – 3.500 էջ ծաւալով նիւթ: Նորութիւն է կայքի «Համաշխարհային գրականութիւն» բաժինը, որտեղ սկսել ենք տեղադրել համաշխարհային գրականութեան ընտրանին` հայերէն թարգմանութեամբ:
Սփիւռքի պատմութեան վիրտուալ թանգարանի կայքը ստեղծուած եւ թողարկուած է 2012 թուականին Հայաստանի անկախութեան 20-ամեայ յոբելեանի առիթով, նպատակ ունենալով ներկայացնելու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, ներկան եւ ապագայի տեսլականը, աշխարհասփիւռ հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կապի խնդիրները` առաջնորդուելով «Հայերը մէկ ազգ են` անկախ բնակութեան վայրէն», եւ «Բոլոր հայերու Հայրենիքը Հայաստանն է» կարգախօսներով:
Զեկուցողը անդրադարձաւ նաեւ Հայկական սփիւռքի տարբեր հատուածներուն լեզուապահպանութեան խնդիրի լուծման առաջնային միջոց համարուող առցանց բազմալեզու բառարաններու նոր ձեւաչափի ստեղծման, որոնք մէկտեղուած են www.translator.am հասցէին մէջ գործող ինտերնետային փոխարկիչ ծրագիրի գործառոյթներուն զուգահեռ: Այսօր www.translator.am կայքի այցելութիւններու միջին ամսական թիւը կը կազմէ 25000-30000:
Վ. Վարդանեան ներկայացուց նաեւ նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի իրականացուցած աշխատանքները, ըստ որուն` հրապարակուած է շուրջ 4200 լրատուական նիւթ, 240 յօդուած, ակնարկ, վերլուծական նիւթեր, 144 հարցազրոյց:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց» 2015-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցեց համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գ. Գեանջումեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «2015 թուականը ծրագրի իրականացման 4-րդ տարին է` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի պետական համալսարանի հետ համագործակցութեամբ 2012 թուականից իրականացնում է «Սփիւռք» ամառային դպրոց» ծրագիրը: Իւրաքանչիւր տարի մեծանում է ծրագրին մասնակցել ցանկացողների թիւը, դպրոցը դառնում է Սփիւռքի կողմից, թերեւս, ամենապահանջուած ծրագրերից մէկը եւ արդէն կայացած կառոյց է:
Եթէ 2012 թուականին նախատեսուած 70 մասնակցի փոխարէն Ամառային դպրոցն ընդունել է 131 մասնակից` 15 երկրից, ապա 2013 թուականին նախատեսուած 100-ի դիմաց մասնակցել է 201 սփիւռքահայ` 20 երկրից, 2014թ. նախատեսուած 100-ի դիմաց` 222 սփիւռքահայ, աշխարհի 22 երկրից: 2015թ. նախատեսուած է 250 սփիւռքահայի մասնակցութիւն»:
Ամփոփելով իր խօսքը` Գ. Գեանջումեան նշեց, որ ուսումնական, տեսական եւ գործնական դասընթացքներուն զուգահեռ` կ’իրականացուի նաեւ ձեռնարկներու, թանգարաններ այցելութիւններու, շրջագայութիւններու, հանդիպումներու ծրագիր: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բացումը կը կազմակերպուի հայոց լեզուի դասընթացի հանդիսաւոր մեկնարկով, իսկ փակումը` Օգոստոս 1-ին հաւաստագիրներու յանձնման արարողութեամբ:
Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան 2014-2015թթ. իրականացուցած աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկուցեց վարչութեան պետ Գ. Արշակեան:
Զեկուցողը անդրադարձաւ հաշուետու ժամանակաշրջանին մէջ իրականացուցած քննարկումներուն, գիտաժողովներուն ու համաժողովներուն: 2014թ. իրականացուած է «Իսլամացած հայերու խնդիրներու շուրջ» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, Պրիւքսէլի «Հայ տուն» մշակութային կեդրոնին մէջ` «Հայոց ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող Եւրոպայի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու» հաւաք-հանդիպում, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպում:
Գ. Արշակեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովին:
Ներկայացուեցան նաեւ 2015թ. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ ընդլայնուած նիստի, «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովին, «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուու-թեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» միջազգային գիտաժողովի աշխատանքները:
Զեկուցողը անդրադարձաւ նաեւ վարչութեան կողմէ իրականացուող պարբերական հետազօտութիւններուն: Ան նշեց, որ ամենշաբաթեայ ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս կը մշակուի եւ պարբերաբար կը ներկայացուին արագ արձագանքման տեղեկանքներ հայկական եւ օտարերկրեայ մամուլին մէջ Սփիւռքի համայնքներու, հայութեան եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրներու վերաբերեալ: Պարբերական ուսումնասիրութիւններ եւ հետազօտութիւններ կը կատարուին տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ատոր շուրջ ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ:
Ամփոփելով նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ նախորդ մէկ ամսուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն, ձեռքբերոմներուն ու բացթողումներուն, եւ կարեւոր համարեց սերտ կապն ու համագործակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր հայ համայնքներուն հետ, նախարարութեան ծրագիրներուն անոնց աշխոյժ մասնակցութեան ապահովելուն ուղղուած` վարչութիւններու կազմակերպուած ու համակարգուած աշխատանքը: