Սիտնէի մէջ տեղի հայ համայնքը նախաձեռնած է բարեգործական համերգ

Սիտնէի մէջ տեղի հայ համայնքը նախաձեռնած է բարեգործական համերգ իրականացնել, որուն ողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայերուն:
Armenia.com.au-ի փոխանցմամբ` համերգը, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 28-ին, կ’եզրափակէ մէկշաբաթեայ բարեգործական ձեռնարկները, որոնց ընթացքին հաւաքուած գումարը եւ հագուստը պէտք է տրամադրուին Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ պատերազմական դրութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն:
Համերգին կը մասնակցին աւստրալահայ երգիչներ, որոնք կը կատարեն ազգագրական եւ ժողովրդական երգեր: Մէկ շաբաթ շարունակ աւստրալահայերը տարատեսակ ձեռնարկներ իրականացուցած են, որոնց նպատակն էր միայն լայն զանգուածներուն տեղեկացնել սուրիահայերու իրավիճակի մասին, այլեւ գումար հաւաքել` անոնց
համար հագուստ, սնունդ եւ դեղորայք գնելու նպատակով: Համերգին կ’ազդարարուի նաեւ բարեգործական ձեռնարկներուն ժամանակ հաւաքուած գումարի չափը: