Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Հայ Դասական Երգարուեստը Հրամցուց Հանդիսատեսին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` Կիրակի, 21 Յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Երաժշտութեան միջազգային օրուան փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին, խմբավար` Գրիգոր Ալոզեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Յայտագիրը սկսաւ Է. Յովհաննէսեանի «Նանարի նա» երգով, մենակատար` Շողիկ Թորոսեան, որուն յաջորդեցին Մ. Եկմալեանի պատարագէն հատուածներ, կատարողութեամբ` Շողիկ Թորոսեանի եւ Յարութ Գալօղլեանի, որոնց կատարումը արժանացաւ հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն: Այնուհետեւ յայտագիրը իր ընթացքը առնելով, զիրար գերազանցող սքանչելի մեկնաբանութեամբ հնչեցին Կոմիտասի «Սուրբ սուրբ»-ը, Ա. Պոպիկեանի «Տէր ողորմեա»-ն, Մ. Եկմալեանի «Զարթիր որդեակ»-ը, Կոմիտասի «Լուսնակը լոյս» եւ «Ելա տանիս» երգերը, Կարա Մուրզայի «Ալագեազ բարձր տեղ ա» եւ «Քեզի մեռնիմ» երգերը եւ Կոմիտասի «Կալի երգը»: Ապա Աւետիս Ագրապեան անզուգական մեկնաբանութեամբ կատարեց Տ. Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի հոր-հոր» քառեակները, որուն յաջորդեցին Կոմիտասի «Ալագեազ» եւ «Խնկի ծառ» երգերը, նաեւ Գ. Սիւնիի «Այ եայլի»-ն: Բ. Կանաչեանի «Հոյ նար»-ը մենակատար` Կարօ Քէլէշեան, արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին, որմէ ետք երգչախումբը մեկնաբանեց Կոմիտասի «Երազ»-ը: Յայտագիրը վերջ գտաւ Զարեհ եպս. Ազնաւորեանի վերամշակած «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Արդարեւ, մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, 32 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբը գեղեցիկ կատարողութեամբ գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրեց հանդիսատեսներուն, որոնք երկարատեւ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը: