ՄԻԵԴ-ի ՄԷջ Հայաստանի Դատաւորի Պաշտօնին Համար Երաշխաւորուած Է Արմէն Յարութիւնեանը

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) դատաւորներու ընտրութեան յանձնաժողովը Յունիս 9-10-ը Փարիզի մէջ կայացած նիստի ժամանակ Եւրոդատարանին մէջ Հայաստանի դատաւորի պաշտօնին երաշխաւորած է Հայաստանի նախկին մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանը:

Եւրոպայի խորհրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի հաղորդագրութեան համաձայն, քուէարկութեան արդիւնքով Յարութիւնեանը Լիանա Յակոբեանի նկատմամբ փոքր առաւելութեան հասած է:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կողմէ  ՄԻԵԴ-ի դատաւորի պաշտօնին առաջադրուած են Արմէն Խաչատրեանը, Արա Ղազարեանը եւ Լիանա Յակոբեանը:

Եւրոդատարանին մէջ Հայաստանի դատաւորը վերջնականապէս պիտի ընտրուի Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանի քուէարկութեամբ:

Յիշեցնենք, որ ՄԻԵԴ դատաւորի պաշտօնին առաջին անգամ կազմակերպուած մրցոյթի արդիւնքով Հայաստանէն առաջադրուած թեկնածուներն էին` ՀՀ նախկին ՄԻՊ, ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի տարածաշրջանային ներկայացուցիչ Արմէն Յարութիւնեանը, «Արդարադատութեան ակադեմիա» ՊՈԱԿ-ի դասախօս Արայիկ Ղազարեանը եւ գլխաւոր դատախազութեան միջազգային-իրաւական կապերու բաժնի պետ Նելիկ Յարութիւնեանը: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն` ներկայացուած ցուցակի վերաբերեալ ԵԽԽՎ-էն բացասական եզրակացութիւն ստանալու պատճառով Սերժ Սարգսեան չեղեալ ճանչցած է հայաստանեան մրցոյթի արդիւնքները:

Յայտարարուած էր նոր մրցոյթ, որուն արդիւնքներով յաղթող ճանչցոած են Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի տարածաշրջանային ներկայացուցիչ Արմէն Յարութիւնեանը, «Արդարադատութեան ակադեմիա» ՊՈԱԿ-ի դասախօս Արայիկ Ղազարեանը, ՀՀ վարչական դատարանի դատաւոր Լիանա Յակոբեանը:

Scroll Up