Ատրպէյճան Արգիլած Է Բրիտանական «Կարտիըն»ին Լուսաբանել Պաքուի Խաղերը
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը արգիլած է Եւրոպական խաղերու բացումը լուսաբանելու նպատակով բրիտանական «Կարտիըն», ինչպէս նաեւ շարք մը այլ լրատուամիջոցներու եւ իրաւապաշտպաններու երկիր մուտքը:
Ուրբաթ, Յունիս 12ին սկսող խաղերուն կը մասնակցին 50 երկիրներէ մօտաւորապէս 6000 մարզիկներ: Բրիտանիա 160 մարզիկ ուղարկած է Պաքու:
Եւրոպական խաղերը լուսաբանելու հաւատարմագրման համար Պաքուի դիմած էր «Կարտիըն»ի մարզական աւագ լրագրողը: Դիմումը նախ հաստատուած էր, սակայն Յունիս 11ի առաւօտեան, բրիտանացի լրագրողի թռիչքէն միայն երեք ժամ առաջ յայտնի դարձած է, որ դիմումը մերժուած է:
Թերթին պատասխանատուները կը յայտնեն, թէ որոշումը հաւանաբար կապ ունի Դեկտեմբերին հրապարակուած եւ Եւրոպական խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերեալ թերթին յօդուածին հետ, ուր ըսուած էր, թէ ընդդիմութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը ճնշող Ատրպէյճան կը փորձէ միջազգային վարկը բարելաւել նման միջոցառումներ իրականացնելով: