Ծաղկաձորի Մէջ Մեկնարկեց Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Դասընթացները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/07/SAM_2932.jpg)
Յուլիս 15-ին Ծաղկաձորի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ սկսան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-2013թ ծրագիրի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացները: Դասընթացները, որոնց կը մասնակցին Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ գործող հայկական դպրոցներու մօտ 40 ուսուցիչներ, կը շարունակուին յուլիս15-էն օգոստոս 2:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան, ողջունելով սփիւռքահայ ուսուցիչներուն, նշեց, որ մեծ է անոնց դերը հայապահպանութեան, հայոց լեզուի, մշակոյթի պահպանման գործին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ դասընթացները կ’օգնեն հարստացնելու իրենց գիտելիքները, իսկ փորձի փոխանակումը կ’օգնէ ծանօթանալու դասաւանդման նոր մօտեցումներու եւ մեթոտներու:
Ուսուցման գործընթացքին զուգահեռ` ուսուցիչներուն համար պիտի կազմակերպուին ազգային երգի, պարի ուսուցման դասընթացներ: Կ’իրականացուին նաեւ մշակութային, մարզական ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր, հանդիպումներ պետական, հասարակական, մշակոյթի գործիչներու հետ, քննարկումներ, Կլոր սեղաններ եւ այլն:
Յիշեցնենք, որ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրը կ’իրականացուի 5 ուղղութիւներով` Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ, որոնք կը տեւեն յուլիս 8-էն օգոստոս 2, Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ (յուլիս 15-օգոստոս 2), Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք (յուլիս 22–օգոստոս 2), Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք (յուլիս 22 – օգոստոս 2), Ազգային երգի ու պարի դասընթացք ( յուլիս 24 – օգոստոս 2):