Մեքսիքոյի Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբը Ներկայացուցած է «Հայաստան 1915»-ի Առաջին Ներկայացումը

Մեքսիքոյի Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը` Խոսէ Արեանի ղեկավարութեամբ, Մայիս 30-ին եւ 31-ին Արուեստներու ազգային կեդրոնին մէջ ներկայացուցած է «Հայաստան 1915» ստեղծագործութիւնը, կը հաղորդէ armeniangenocide100.org-ը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման նուիրուած ստեղծագործութեան հեղինակը մեքսիքացի երաժշտագէտ Խուան Արթուրօ Պրենանն է: Հնադիսատեսը գնահատած է յատկապէս տուտուկի հատուածը:

«Այդ խոր ձայնը ինծի համար խորհրդանիշն է հայոց սփիւռքի հեռաւոր ձայնին, որ այսօր կը բնակի աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ», – ընդգծած է ստեղծագործութեան հեղինակը: Ան յայտնած է նաեւ, որ իր «Հայաստան 1915» ստեղծագործութիւնը «արձագանգն է հայերու բնաջնջման շարունակական ժխտման եւ քօղարկելու մտադրութեան եւ յիշողութեան փոքր դրսեւորում  հարիւրերորդ տարելիցին»:  Համերգին ներկայ եղած է նաեւ Մեքսիքայի Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանը:

Scroll Up