ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ հանդէս եկած է հաշուետուութեամբ

Յունիս 1-ին ՀՀ ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներուն մէջ շարունակուած են «ՀՀ 2014թ. պետական պիւտճէի կատարման մասին» տարեկան հաշուետուութիւններու քննարկումները: Հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ներկայացնելով հաշուետու տարուան կատարուած ծախսերը եւ իրականացուած ծրագիրները, նախարարը նշած է, որ նախարարութիւնը իրականացուցած է 16 ծրագիր` ապահովելով 96,6 տոկոս կատարողական եւ ծախսելով 1,1 միլիար դրամ: Հրանոյշ Յակոբեան նշած է նաեւ, որ տարուան ընթացքին աշխատած են երեք գերակայ ուղղութեամբ` աշխատանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբերու հետ, սուրիահայերու հետ կապուած խնդիրներու լուծում եւ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու հետ ծրագիրներու ընդլայնում:
Նախարարը նշած է, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը ունի նաեւ 35 միլիոն դրամի խնայողութիւն:
Նախարար Հ. Յակոբեան սպառիչ պատասխաններ տուած է պատգամաւորներու հարցերուն` հանգամանալից անդրադառնալով սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն, Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի տարածման եւ այլ հարցերու:
Ազգային Ժողովի նիստէն ետք նախարարը պատասխանած է նաեւ լրագրողներու հարցերուն: