Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի «Սկաուտի օր»-ը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծնունդը ար­­դիւնք է հայ պա­­տանիին ու երի­­տասար­­դին՝ հայ մար­­դու, տի­­պար քա­­ղաքա­­ցիի պատ­­րաստու­­թեան անհրա­­ժեշտ հի­­մունքնե­­րը տա­­լու նպա­­տակին:

Այդ ուղղու­­թեամբ, միու­­թեան մտա­­հոգու­­թեան կեդ­­րո­­­նը եղած է ման­­կութե­­նէն նման դաս­­տի­­­րակու­­թիւն մը ջամ­­բե­­­լու թե­­լադ­­րանքը: Այդ նպա­­տակին հաս­­նե­­­լու հա­­մար իր միու­­թեան մար­­զե­­­րէն՝ սկաու­­տութեան հան­­դէպ ցու­­ցա­­­բերած է գուրգու­­րանք, ներ­­կայ մա­­նու­­կին մէջ ապա­­գայ պար­­կեշտ մար­­դը տես­­նե­­­լու երազանքով եւ հա­­ւատ­­քով:

Ինչպէս իր նշա­­նաբա­­նն ալ կ՚ըսէ՝ գիտ­­նալ բարձրաց­­նել իր հետ նաեւ ու­­րի­­­շը, յար­­գանքը եւս մաս կազ­­մած է իր դա­­ւանան­­քի կէ­­տերուն: Յար­­գել մե­­ծը, ու­­րի­­­շը, բայց նաեւ՝ ինքզինք:

«Հայ Սկաու­­տի օր»ը նշում մըն է, յի­­շեցում մը նման ար­­ժէքնե­­րու անհրա­­ժեշ­­տութեան:

Եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բո­լոր մաս­­նա­­­ճիւ­­ղե­րը, գրե­­թէ անխտիր, կը տօ­­նեն այդ օրը, կը յի­­շեն ու կը յու­շեն կա­­րեւո­­րու­­թիւնը ար­­ժէքնե­­րու պահ­­պանման:

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրան­­սի սկաուտնե­­րը, այս տա­­րուան իրենց յար­­գանքի օրը ընտրած էին Մա­­յիս 17ը, զոր նշեցին Ալ­­ֆորվի­­լի Pôle Culturel-ի սրա­­հին մէջ: Մտեր­­միկ, կո­­կիկ յայ­­տա­­­գիր մը կը ներ­­կա­յա­­ցուէր ծնող­­նե­­­րուն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բա­­րեկամ­­նե­­­րուն, պա­­հպա­նելով հա­­ւատ­քը աւե­­լի լա­­ւի ձգտու­­մին:

Պաշ­տօ­­­նական րա­­ժինը կ՚ընդ­գրկէր սկաու­տա­կան արա­­րողու­­թիւն, տո­ղանցք, պաշ­­տօննե­­րու եւ գնա­­հատա­­կան­­նե­­­րու տու­­չութիւն: Հա­մաչափ քայ­լե­րով եւ սկաու­տա­կան շար­­քե­­­րով սրահ մուտք գոր­­ծող սկաուտնե­­րուն կշռոյ­թը առաջ­նորդեց շե­­փորա­­խումբը: Խմբա­­պետու­­թեան խօսքu փո­խան­ցեց միաւո­­րի խմբա­պետ՝ եղբ. Պօ­ղոս Մահ­պուպեան, ընդգծե­լով սկաուա­կան առա­քի­­նու­­թեան կա­րեւո­րու­թիւնը: Իսկ Վար­չու­թեան անու­­նուվ ելոյթ ու­­նե­­­ցաւ ատե­­նապետ՝ եղբ. Անտրէ Տա­­տայեան: Ան շեշ­տը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հա­­յակեր­տումի ազ­­գա­­­նուէր գոր­­ծին վրայ, աւելցնե­­լով, թէ “այ­­սօր, 21րդ դա­­րու սկիզ­բը եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­­րի ետք, նշեալ դաս­տիարա­կու­թիւնն ու ար­­ժէքնե­­րու փո­խան­ցումը հայ պա­­տանի­­ներուն եւ երի­­տասարդնե­­րուն հա­­մար առա­­ւել կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նի, յատ­­կա­­­պէս արեւմտեան մշա­­կու­­թա­­­յին, տնտե­­սական եւ քա­­ղաքա­­կան այ­­լա­­­սերող հսկա­­յական ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րուն պատ­­ճա­­­ռով”։

Եղբ. Տա­տայեան շնոր­­հա­­­ւորեց բո­լոր ներ­­կա­­­ները այս օրուան առի­թով եւ կոչ ըրաւ միաս­­նա­­­կան ջան­­քե­­­րով առաջ տա­­նելու այս սուրբ գոր­ծը: Դա­­դարին հրամ­ցուեցաւ սկաուտ ծնող­­նե­­­րէ կազ­­մուած ըն­­կե­­­րային յանձնա­­խումբի բծախնդրօ­­րէն պատ­­րաստած կո­­կիկ հիւ­­րա­­­սիրու­­թիւնը, որ­­մէ ետք բե­­մը կրկին տրա­­մադ­­րուեցաւ սկաուտնե­­րուն, որոնք ներ­­կա­­­յացու­­ցին կի­­րակ­­նօ­­­րեայ իրենց աշ­­խա­­­տանքնե­­րէն պա­­տառիկ­­ներ, բայց նաեւ Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան 100ամեակին նուիրուած յի­­շողու­­թեան պատ­­կեր մը:

Յու­­զիչ էր մտա­­ծել թէ 100 տա­­րի ետք ալ այդ մատ­­ղաշ սե­­րունդը կը կրէ իր նա­­հատակ­­նե­­­րու ան­­հա­­­տոյց դա­­տին ջա­հը…
Եր­­թը շա­­րու­­նա­­­կելու կամ­­քով ցտե­­սու­­թիւն յայտնե­ցին անոնք իրա­րու եւ ներ­կա­ներուն:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up