Սփիւռքի նախարարը պատասխանեց ֆրանսացի լրագրողներու հարցերուն

Ապրիլ 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի «Փրովանս» օրաթերթի լրագրողները:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն` Հ. Յակոբեան կարեւոր համարեց այս օրերուն աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ձեռնարկները, յատկապէս` Հռոմի Ֆրանչիսկոս Առաջին Պապի կողմէ աշխարհի մէկ միլիար երկու հարիւր միլիոն կաթոլիկներուն ուղղուած խօսքը, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին մատուցուած պատարագը:

Նախարարը նշեց, որ «Համաշխարհային կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ Գրիգոր Նարեկացուն «Տիեզերական վարդապետի» կոչում շնորհելը:  Պատմական մեծ իրադարձութիւն էր Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերի սրբադասման արարողութիւնը:

Քաղաքական ու պատմական մեծ հնչեղութիւն ստացաւ Ծիծեռնակաբերդում անցկացուող յիշատակի միջոցառումը, որին մասնակցում էին աշխարհի 50 երկրների բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Որպէս ժողովուրդ անսահման երախտապարտ ենք Ֆրանսիայի, Ռուսաստանի, Կիպրոսի, Սերբիայի նախագահներին, նաեւ նրանց, ովքեր հնարաւորութիւն չունէին գալու, բայց հոգով եւ սրտով մեզ հետ էին: Նշանակում է, որ աշխարհը բարիանում է: Սա նաեւ ուղերձ է աշխարհին, որ այլեւս ոչ մի տեղ չկրկնուի ցեղասպանութիւն»:

Scroll Up