Արսէն Ջուլֆալակեան.«Յաղթանակս կը նուիրեմ Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին»

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական փոխախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան ոսկէ մետալ  նուաճած է Սոֆիայի մէջ Ապրիլ 24-26 իրականացուող «Տան Քոլով եւ Նիքոլայ Փետրով» ամենամեայ միջազգային մրցաշարի 75 քկ քաշային կարգին մէջ, ուր հանդէս  եկած են Հայաստանի 3 ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ News.am կայքը:

Աշխարհի 2014թ. ախոյեան Ջուլֆալակեան եզրափակիչին 2:0 հաշուով յաղթած է պուլկարացի Իւան Գէորգիեւին: Նոյն քաշային կարգի քառորդ եզրափակիչին հանդիպած են նաեւ Կարապետ Չալեան եւ Վարշամ Պորանեան: Չալեան յաղթած է իր թիմակիցին, սակայն կիսաեզրափակիչին պարտուած է հէնց Իլիան Գէորգիեւին: Կարապետ հնարաւորութիւն  ստացած է մասնակցելու սփոփիչ գօտեմարտերուն եւ նուաճելու պրոնզէ մետալ:

Արսէն Ջուլֆալակեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղադրած է լուսանկարներ` յաղթանակը նուիրելով Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Ընդ որում` Ողիմպիական ախոյեան Լեւոն  Ջուլֆալակեանի որդին պարգեւատրութեան արարողութեան մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած մարզաշապիկով:

Ապրիլ 24-ին պայքարի մէջ  մտած է նաեւ 59 քաշային Նարեկ Խաչատրեան, որ պարտուած է մեկնարկային գօտեմարտին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք մեկնած են նաեւ` Ռաֆայէլ Ալեքսանեան (71 քկ), Հրաչ Յովհաննիսեան (80 քկ), Արթուր Շահինեան, Մաքսիմ Մանուկեան (երկուքն ալ` 85 քկ) եւ աշխարհի 2014թ. ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ):

arsen1

Scroll Up