Զրոյց շարժապատկերի բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի հետ անոր նոր՝ «Պոլիս» շարժապատկերին առիթով
Էրիք Նազարեան. «Առաջին ագամն ըլլալով Թուրքիոյ մէջ Ֆիլմի մը կերպարը «Ցեղասպանութիւն» բառը կ՛արտասանէ»:
Է. Նազարեանի «Պոլիս» ֆիլմը, որ «Տու Նաթ Ֆորկեթ Մի Իսթանպուլի» 6 պատմութիւններէն մէկն է, 15 եւ 16 ապրիլին երկու անգամ ցուցադրուեցաւ 2011-ի Իսթանպուլի ֆիլմի փառատօնին, այսպիսով հանդիսանալով Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուած առաջին ժապաւէնը, որուն մէջ դերասանը կ՛արտասանէ «Ցեղասպանութիւն» (Genocide) բառը:
Ճորճ Ատուրեան բեմադրիչին հետ ունեցաւ այս ֆիլմին առթիւ անոր տուած առաջին հարցազրոյցը, զոր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.
– Ի՞նչ է «Եւրոպական մշակոյթի մայրաքաղաք Իսթանպուլ 2010»-ը:
– Ըստ իմացածիս, «Եւրոպական մշակոյթի մայրաքաղաքի» գաղափարը յոյն մեծ դերասանուհի Մելինա Մերքուրիի մտայղացումն է: Ան, որ 1980-ականներու ընթացքին եղած է Յունաստանի մշակոյթի նախարար, մտածեց, թէ ամէն տարի, քաղաք մը պետք է նախագծուի, իբրեւ «մշակոյթի մայրաքաղաք»՝ ամբողջ մէկ տարուան համար: Անիկա հոյակապ գաղափար մըն է միջմշակութային փոխիմացութեան իմաստով: Տարիներու ընթացքին, զանազան քաղաքներ միացան այս ծրագիրի շարքերուն՝ ներառեալ Աթէնքը, Մատրիտը, Սթոքհոլմը, Լիզպոնը եւ այլն: 2010-ին երեք քաղաքներ ընտրուեցան իբրեւ մշակոյթի մայրաքաղաքներ՝ Էսսըն, Փեքս եւ Պոլիս:
– Ի՞նչպէս պատահեցաւ ձեր ներգրաւուածութիւնը «Մի´ մոռնար զիս, Իսթանպուլ»-ին մէջ:
– Ընկերս՝ Չիկտեմ Մաթըր, զիս ծանօթացուց ծրագիրին: Հուսէյն Քարապէյ՝ արտադրիչը, հրաւիրեց զիս հայկական պատմութիւնը ներկայացնելու համար Պոլսոյ մասին կարճ ֆիլմերու ծաղկաքաղին մէջ՝ իրագործուած յոյն, սերպ, պոսնիացի եւ պաղեստինցի բեմադրիչներու կողմէ: Քանի մը տարի առաջ գրեցի բեմագրութիւնը երկար ֆիլմի մը համար՝ «Պոլիս» խորագիրով. անիկա սփիւռքահայու մը մասին է, որ կը մեկնի Պոլիս՝ գտնելու համար իր մեծ հօր խանութը, որ քանդուած էր Ցեղասպանութեան ընթացքին: Նկատի ունենալով, որ ծրագիրին («Մի´ մոռնար զիս, Իսթանպուլ») նիւթը Պոլիս քաղաքը հարստացնող անցեալի մշակոյթները չմոռնալու մասին էր, մտածեցի, որ երկար ֆիլմիս աւելի կարճ տարբերակը, իր նիւթով կրնայ յարմարիլ ծրագիրին. ուրեմն երկար ֆիլմիս բեմագրութիւնը խտացնելով՝ զայն վերածեցի կարճ ֆիլմի:
Այնքան ատեն որ կրնայի իրագործել այդ ֆիլմը, զոր ես պատկերացուցած էի միտքիս մէջ, առանց ստեղծագործական արգելքներու, ես պատրաստ էի մեկնելու այդ «ճամբորդութեան»: «Պոլիս» ֆիլմը բեմադրելը լաւ փորձառութիւն էր եւ հետաքրքրական մարտահրաւէր մը՝ փորձելու համար կարելի եղած չափով քաղաքին բազմագոյն աւիւնը, երաժշտութիւնը եւ բնութիւնը խտացնել ու ընդգրկել գործիս մէջ: Պոլիսը խճճուած քաղաք մըն է՝ հարուստ պատմութեամբ: Քաղաքը հսկայական սոխի մը պէս է. կարեւոր չէ որքա՛ն շերտեր կը կեղուէք՝ միջուկին չէք հասնիր: Ամէն օր նոր շերտ մը կը կեղուէի՝ յայտնաբերելով անցեալէն նոր բան մը եւ փորձելով զայն արձանագրել պատկերներու ճամբով: Պոլսոյ պատմութեան մասին շատ բան սորվեցայ մեր սքանչելի բեմագրութեան կնքահայր եւ վեթերան Պետրոս Մարքարիսէն, որ ծնած է Պոլիս՝ հայ հօրմէ եւ յոյն մօրմէ:
– Ինչի՞ մասին է «Պոլիս»ը:
– Ինչպէս ֆիլմին մէջ կեդրոնական կերպարը՝ Արմենակը, կըսէ. «Հայերը Իսթանպուլը Պոլիս կը կոչեն»: Պատմութիւնը կը հետեւի սփիւռքահայ ուտ նուագողի մը, որ կը վերադառնայ Պոլիս՝ մասնակցելու համար ուտի փառատօնի մը: Իր կատարումի նախապատրաստութեան ընթացքին ան կերթայ Քատիքոյ՝ քաղաքի անատոլեան մասը, ձեռքին՝ լուսանկարը նոյնպէս Արմենակ անունով իր մեծ հօր, որ ունէր ուտի խանութ մը, որուն հասցէն արձանագրուած է լուսանկարի յետին: Ճամբուն ընթացքին ան կը հանդիպի թուրք այրիի մը, որ կը բնակի այն շէնքին մէջ, որուն տարածքին կը գտնուի իր մեծ հօր ուտի խանութը: Անոնց ուղեւորութեան տեւողութեան ընթացքին, Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին Արմենակի ընտանիքին պատմութիւնը կը բացայատուի:
Սփիւռքահայու մը ներքին եւ արտաքին կերպարը նկարագրուած՝ երբեք պաստառի վրայ չէ դրուած Թուրքիոյ մէջ: Ես փորձեցի բոլոր կերպարները այնքան մարդկայնութեամբ նկարագրել, որքան կարելի է: Երախտապարտ եմ ընկերոջս՝ Վահէ Պէրպէրեանին, որ սքանչելի ներշնչում մըն է իբրեւ մարդ արարած եւ արուեստագէտ: Վահէն ներշնչեց զիս երաժշտութեան եւ ուտին հանդէպ իր ունեցած կիրքով:
– Ինչպէ՞ս էր Թուրքիոյ մէջ աշխատիլն ու նկարահանելը:
– Հրաշալի էր աշխատիլ սքաչելի դերասաններ Ժաքի Նէրսէսեանի եւ Սերա Եիլմազի հետ: Անոնք իսկապէս անսահման խանդով եւ քաղցրութեամբ կեանք տուին ֆիլմիս կերպարներուն: Նկատի ունենալով, որ ասիկա առաջին անգամն էր, որ կը նկարահանէի Պոլսոյ մէջ, նախօրօք պատրաստեցի այնքան, որքան կրնայի՝ շատ քիչ բան թողնելով բախտին, քանի որ շատ կարճ ժամանակ ունէինք բազմաթիւ վայրերու մէջ նկարահանելու: Նկարահանման խումբէն ներս յարաբերութեանց հոսանքը հոյակապ էր: Ֆիլմը նկարեցինք շատ արագ՝ զիկզակելով Պոլիս քաղաքի տարածքին՝ նկարահանելով տարբեր վայրերու մէջ, սկսելով Շիշլիի Հայ առաքելական գերեզմանատունէն, հասնելով Վոսփորի ափին՝ Քատիքոյի մէջ գտնուող դարավերջեան յունական շէնք մը: Ուզեցի, որ ֆիլմը ըլլայ իր արմատներուն վերադարձող սփիւռահայու մը աչքերով տեսնուած Պոլիսը՝ դիտուած մտերմիկ եւ համայնապատկերային մտասեւեռումով:
– Ինչպիսի՞ զգացում ունեցաք, երբ առաջին անգամ Պոլիս այցելեցիք:
– Սկիզբը, տպաւորութիւններս շատ բարդ, հակասական եւ կարօտալի էին: Ես մեծցայ՝ «հին Պոլիս»ը միտքիս մէջ՝ Արա Կիւլերի, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Օրհան Փամուքի եւ Ուտի Հրանդի Պոլիսը: Ուզեցի այնտեղ երթալ լայնախոհութեամբ, սակայն Ցեղասպանութեան չար ոգին կը հետապնդէր զիս: Հրանդ Տինքի ուրուականը իմ ճամբորդութեան ուղեկիցն էր. ան իրօք հայերու եւ թուրքերու միջեւ հաշտութեան պահապան հրեշտակն էր: Պոլիս հասած վայրկեանս երբեք պիտի չմոռնամ. Հրանդ Տինքի, Կոմիտասի, Զապէլ Եսայեանի, Գրիգոր Զոհրապի պատկերները եւ 24 Ապրիլ, 1915-ի ձերբակալութիւններու ու տեղահանութիւններու բոլոր պատմութիւնները սկսան բաբախել միտքիս մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, ուզեցի զգալ այսօրուան Պոլիսը եւ չնայիլ անոր ապրիլ 24-ի զտիչով: Մարդիկ եւ ընկերներ, որոնց հետ աշխատեցայ, փորձառութիւնս անմոռանալի դարձուցին:
Ես կը յարգեմ պոլսահայ ժառանգը եւ այն ամէն ինչը, զոր անիկա դարերու ընթացքին ներդրած է մշակոյթի, արուեստի, ճարտարապետութեան, լեզուի եւ այլ որորտներու մէջ: Ընթացքին նաեւ բազմաթիւ պատմութիւններ լսեցի այն մարդոցմէ, որոնց հանդիպեցայ: Կըսեին. «Մեծ մայրս էրմենի էր… եղբօրս բժիշկը էրմենի էր… ուսուցիչս՝ Յակոբ էֆենտին, էրմենի էր…»: Հանդիպեցայ «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն» խումբի մոլեռանդ սիրահարներու, ինչ որ հաճելի բան էր: Կը յուսամ, որ այս փոքր ֆիլմը իբրեւ տաղերգութիւն հանդիսանայ հայ եւ թուրք մարդոց համար, որոնք հասարակաց կապ մը կը գտնեն իրարու հետ հասարակ սուրճի մը կամ զրոյցի մը ընթացքին: Ես կուզեմ ֆիլմեր բեմադրել մարդոց մասին, որոնք կը յայտնաբերեն կապակցութիւններ, զորս չէին պատկերացներ ունենալ: Նաեւ, ֆիլմիս մէջ օգտագործեցի «Սարի սիրուն եար» երգը, զոր մեծ մայրս ինծի համար կերգէր, երբ դեռ երեխայ էի:
– Ձեր ֆիլմին մէջ Ցեղասպանութեան որեւէ ակնարկութիւն կա՞յ:
– Այո՛: Արմենակի կերպարը կը խօսի Ցեղասպանութեան ընթացքին իր այնթապցի եւ արաբկիրցի ընտանիքի պատմութեան մասին: Շատ կարեւոր է, որ հանդիսատեսները հասկնան, թէ արեւմտահայերու մեծամասնութեամբ գոյացած Սփիւռքը աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունի Ցեղասպանութեան պատճառաւ: Հրանդ Տինք արտայայտուած է այն մասին, որ մարդիկ պէտք է իմանան ճշմարտութիւնը եւ կարենան նայիլ իրենց խիղճին, որպէսցի նաեւ կարենան հաշտուիլ 1915-ին կատարուածին հետ: Հայերս մեզի հետ կը տանինք մեր նախնիներու ոգին՝ ուր ալ երթանք, մանաւանդ Պոլիս՝ ապրիլ 24-ի սկզբնավայրը: Ինծի համար, իբրեւ բեմադրիչ, կարեւոր է «Պոլիս» ֆիլմը վերածել թուրքի մը եւ հայու մը մարդկային պատմութեան՝ յայտնաբերելով զգացական կապ մը պատմութիւն պատմելու արարքին ընթացքին, եւ անկեղծօրէն ու բացայայտօրէն դէմ յանդիման գտնուելով մեր անցեալին հետ:
– Ե՞րբ եւ ի՞նչ շրջանակէ ներս պիտի ցուցադրուի «Պոլիս»ը:
– Փառատօներէ լուրեր կը սպասենք: Ապրիլին ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Պոլսոյ մէջ. ընկերներս հեռաձայնեցին ինծի՝ ըսելու համար, որ հանդիսատեսները յուզուած էին:
– Հորիզոնի վրայ ձեզի համար փայլող բան մը կը տեսնէ՞ք:
– Կաշխատիմ քանի մը ծրագիրներու վրայ, ներառեալ՝ «Միւզիք ֆոր սթրէյնճըրզ»-ին եւ «Պոլիս»ի երկար տարբերակին վրայ:
Զրոյցը՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆԻ