Արթուր Աբրահամը Կրկին Աշխարհի Ախոյեան
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Հայ բռնցքամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգին մէջ WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ պաշտպանեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ` Հանովերի մէջ կայացած մենամարտին Աբրահամ կը մրցէր 33-ամեայ բրիտանացի Մարտին Մարէյի հետ: Աբրահամ բաւականին պաշտպանողական կեցուածով հանդէս կու գար: Ան կրցաւ յաղթանակի հասնիլ միաւորներու շնորհիւ` 115-112, 112-115, 116-111:
Արթուր Աբրահամ (Աւետիք Աբրահամեան) ծնած է 1980 թուականի Փետրուար 20-ին, Երեւան: Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պեռլինի մէջ կը բնակի 2004 թուականէն: ՀՀ քաղաքացի ըլլալէ բացի` 2005 թուականէն ունի նաեւ Գերմանիոյ քաղաքացիութիւն:


Արևելահայերեն
Русский
English








