Թուրքիան արձագանքած է 1915-ի հետ կապուած Պուլկարիոյ որոշման եւ դեսպանը կանչած ԱԳՆ

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը կարծես թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն արձագանքնելու համար  նախապէս նիւթեր պատրաստած է եւ միայն երկրի անունը կը փոխէ ու կը տարածէ յայտարարոթիւնը, կը յայտնէ News.am-ը:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը այս անգամ ալ «խիստ» դատապարտած է Պուլկարիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշման մէջ «զանգուածային ջարդ» արտայայտութիւն օգտագործելը:

ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ 1915-ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած Պուլկարիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած որոշումը ցոյց տուաւ  Թուրքիոյ հանդէպ ոչ բարեկամական վերաբերմունքը, որ բացասական հետք պիտի ունենայ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ:

«Մեր տեսակէտը յայտնած ենք նաեւ Թուրքիոյ ԱԳՆ կանչուած Անգարայի մէջ Պուլկարիոյ դեսպանին»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ:

նշենք, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը արձագանքած է նաեւ Կիպրոսին, Վատիկանին, Ռուսաստանին, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ, Ֆրանսային, եւ ԱՄՆ-ին:

Վատիկանի եւ Աւստրիոյ պարագային Թուրքիան ետ կանչած է դեսպաններուն:

Scroll Up