Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ Արցախէն 22 պատանիներ կը հիւրընկալուին Յունաստանի մէջ

19րդ շարունակական տարին ըլլալով, Յունաստան կը գտնուին 12-15 տարեկան պատանիներ, Արցախի տարբեր քաղաքներէ, որոնք 15օրեայ արձակուրդի շրջան մը պիտի վայելեն Սիրոս կղզիէն ներս։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 19րդ տարին է որ կանոնաւորապէս կը գործադրուի տուեալ ծրագիրը։
Այս օրերուն պատանիները կը հիւրասիրուին Փիրէայի Խածիքիրիաքիօ փոքրերու խնամատարական հաստատութեան մօտ, ապա պիտի մեկնին Սիրոս։
www.azator.gr