Առաջնորդ Սրբազան Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 96-ամեակի տօնակատարութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/MeghrigSerpazan.jpg)
Կիրակի, Մայիս 25-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցինրէն ներս տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման ի խնդիր իրենց արիւնը թափած նահատակներու հոգիներուն համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 96-ամեակի նուիրուած տօնակատարութեան եւ Դրօշի օրհնութեան արարողութեան։
Սրբազան Հայրը գնահատեց եւ քաջալերեց օրուան տողանցքը առաջնորդող ՀՄԸՄ-ականները, իրենց տարիներու շարունակական նուիրումը եւ զանոնք դասեց որպէս հայ ազգի բանակի կամաւորները։