Հրայր Ճէպէճեան կ՛արժանանայ Դոկտորական Վկայականին
Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու Խնամակալ Մարմինը ուրախ է յայտարարելու, թէ Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Հրայր Ճէպէեճեան, Մայիս 14, 2014-ին ստացած է Դոկտորական վկայական՝ յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճառը՝ «Քրիստոնէական յոյսի պատգամին ընկալումը եւ կիրարկումը հնդիկ աշխատաւորներու կողմէ անոնց արտերկեայ աշխատանքային կեանքին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ»:
Ճէպէճեան իր վկայականը ստացաւ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն՝ Աստուածաշունչի Յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն:
Հրայր Ճէպէճեան ծնած է Պէյրութ, 1957-ին: Նախնական եւ եկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: 1981-ին աւարտած է Հայկազեան համալսարանը՝ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայականը Առեւտրական գիտութեան մէջ, եւ 1984-ին՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը՝ ստանալով Մագիստրոս գիտութեան վկայականը Երկրագործական տնտեսագիտութաեն մէջ:
Ան մաս կը կազմէ միջազգային քրիստոնէական միջ-եկեղեցական հրատարակաչական կազմակերպութեան՝ Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութեան, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ: Ճէպէճեան Ընդհանուր քարտուղարն է նոյն Ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածաշրջանին: Ան կը գործէ այս կազմակերպութեան հետ աւելի քան 34 տարիներէ: Եղած է խորհրդատու-կազմակերպող 1991-96 տարիներուն Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան: 2006-2014 եղած է ատենապետը Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի ընկերութեան խորհուրդին: 2003-2006 տարիներուն ան աշխատած է Պարսկաստանի Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու սուրբգրային հրատարակութիւնները համադրելու աշխատանքով:
Հրայր Ճէպէճեան ունի միջեկեղեցական լայն գործունէութիւն եւ մասնակցութիւն: Ճամբորդած է աշխարհով մէկ եւ մասնակցած շատ մը միջազգային եւ միջեկեղեցական քրիստոնէական համագումարներու եւ ներկայացուցած զանազան դասախօսութիւններ կրօնական, սուրբգրային եւ Միջին Արեւելեան քրիստոնէական ներկայութեան մասին:
Ճէպէճեան ունի ազգային, միութենական ու գաղութային բեղուն գործունէութիւն: Անդամ է Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին: Եղած է վարչական անդամ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) կեդրոնական մարմնի, Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան, Ազունիէի ազգային բուժարանին, կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի հոգաբարձութեան, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 90-ամեակի Լիբանանահայ կեդրոնական մանրմնի եւ այլն: Ներկայիս ատենապետն է Հայ Աւետարանական «Արմիս» մշակութային յանձնախումբին, անդամ է Պէյրութի Աստուածաբանական Ճեմարանի խնամակալութեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի հրատարակչական մարմնի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի վարչութեան (Կիպրոս):
Կ՛աշխատակցի լիբանանահայ, հայրենի եւ սփիւռքահայ շատ մը թերթերու հետ՝ ստորագրելով ազգային, մշակութային եւ կրօնական նիւթերով յօդուածներ: 2010-ին հրատարակեց իր առաջին հատորը՝ «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը», ուր ամփոփուած է իր 30 տարիներու յօդուածներու հաւաքածոն:
Ամուսնացած է Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակներ՝ Վահէ եւ Ալիք: 2005-էն ի վեր անոր աշխատանքային նստավայրը եղած է Նիկոսիա, Կիպրոս:
Խնամակալ Մարմին
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն