«Պատկեր» Կեդրոնի Կազմակերպած Ձեռնարկի Ընդմէջէն. Հայոց Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած Հայուհիի Մը Ձեռագործին Պատգամը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/Exbroideries5_050740.jpg)
Սովորական երեւոյթ է, որ հայկական ընտանիքներու մէջ գտնուին մամիկներու ձեռքերով ասեղնագործուած ձեռագործներ: Շատ յաճախ անոնց տեսքն ու հմայքը «կը շիջին» վերապրող մամիկներու այս աշխարհէն մեկնումով: Խորքին մէջ սակայն, այդ ձեռագործները իրենց մէջ կը կրեն անցեալի աւանդը, ազգային դարաւոր սովորութիւններէ ժառանգուած կտակը, պատգամը, որ մեր արդի պատմութեան մէջ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր չարչարանքի տեսարաններու դառնութիւնն ու ցասումը, բայց նաեւ գոյատեւելու, հայկական ինքնութեան պահպանման մարտահրաւէրը յաղթահարելու վճռակամութիւնը:
«Պատկեր» (Հայ մշակոյթի ժառանգութեան տուն) կեդրոնը, Ապրիլեան ոգեկոչումի ձեռնարկներու նախօրեակին իր «Կամ եւ կրնամ» կարգախօսով կազմակերպած ձեռնարկով, լուսարձակի տակ կ՛առնէ այս երեւոյթը, մեկնելով Եղեռնէն ճողոպրած հայուհիի մը` Հռիփսիմէ Սարգիսեանի (ծանօթ` «Սըրմա» փայլուն թել անունով) մատներու հպումով ասեղնագործուած ձեռագործի մնացորդացէն: Հռիփսիմէի մօր ընտանիքին անդամները երկար ատեն եղած են Տէրսիմի Խարբերդ նահանգի (Էլազիկ) Էրկան գիւղի Ս. Կարապետ վանքի (որ նաեւ կոչուած է Հալվորի վանք) խնամակալները: Հռիփսիմէ ունեցած է 12 մօրեղբայրներ, որոնք գործած ու հայթայթած են նշեալ վանքին կարեւոր առարկաներն ու աշխատանքները, ինչպէս` ասեղնագործութիւններ, գորգանկարներ ու զգեստներ: Փոքրիկ Հռիփսիմէ իր ընտանիքէն ժառանգած ասեղնագործութեան ձիրքը հետագային ինքնաբուխ մղումով դրսեւորած ու «արտայայտած» է, հոն ցոլացնելով Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի դառն յիշատակները (խաչեր, անջատոած գլուխներ…), նաեւ` ցասումի ու գոյատեւելու, վերապրելու վճռակամութիւնը:
Այս գծով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Պատկեր» կեդրոնի տնօրէն Արփի Մանկասարեանի, հոգեբան եւ «զետեղման արուեստ»-ի ծանօթ արուեստագէտ Անիթա Թութիկեանի եւ ֆրանսահայ լեզուաբան, (Փարիզի Հայագիտական ամպիոնի տնօրէն) , ժամանակակից «անտաշ արուեստ»-ի մեկնաբան` դոկտ. Անահիտ Տօնապետեանի հետ: Ստորեւ հարցազրոյցին հիմնական մասերը:
«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք գաղափար մը տալ այս ծրագիրին մասին:
Անիթա Թութիկեան եւ Արփի Մանկասարեան
ԱՐՓԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆ.- «Պատկեր» մշակութային ժառանգութեան պահպանման կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախօրեակին կազմակերպած է մշակութային ձեռնարկ մը` «Կամ եւ կրնամ» կարգախօսով: Այս առիթով պիտի ներկայացուին մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն ձեռքերով իրականացած գործեր եւ իրեր, որոնք կը գործածուէին անոնց հայրենի բնօրրանի ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Ձեռնարկը կ՛ընդգրկէ ցուցահանդէս` հայկական, յատկապէս` Խարբերդի մասին լուսանկարներու, գրութիւններու եւ յարակից իրերու: Այս առիթով պիտի ցուցադրուի տեսերիզ: Պիտի ներկայացուին ազգագրական թէ ժողովրդային հայկական երգեր եւ այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցող գրքոյկ մը: Այս առթիւ յատուկ խօսք առնողներ պիտի ըլլան եւ պիտի ցուցադրուին սահիկներ ոչ հայ նմանօրինակ արուեստի գործերուն մասին, նմանապէս պիտի ներկայացուի ձեռագործներու պատմութիւնը:
«Ա.».- Որո՞նք են այս ձեռնարկը կազմակերպողները կամ որոնց հետ գործակցեցաք անոր իրականացման համար:
Ա. Մ.- Իմ կողքիս, ձեռնարկը կը կազմակերպեն նաեւ «Պատկեր» կեդրոնի կողմէ յատուկ այս առիթով հրաւիրուած` լիբանանահայ արուեստագիտուհի, հոգեբան Անիթա Թութիկեան, ֆրանսահայ լեզուաբան դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան ժամանակակից եւ «անտաշ արուեստ»-ի գործերու մասնագէտ` Անտրէաս Տիմոփուլոս:
ԱՆԻԹԱ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ.- Նաեւ այս առթիւ մեզի կ՛օժանդակեն ու մեզի հետ, յատկապէս արհեստագիտական բաժնով կը գործակցին` Ուաէլ Պութրոս, Թարիք Մուքատտիմ, Մայք Մալաճալեան, Տորին Թութիկեան եւ Արիժ Ապու Հարպ:
«Ա.».- Ուրկէ՞ յղացաք նման ծրագիրի մը նախաձեռնութեան գաղափարը:
Ա. Մ.- Երբ մարդոց կ՛ուզես հաղորդական դարձնել քեզի, կ՛ուզես անոր փոխանցել բան մը, տեղեկութիւններ` անցեալիդ, պատմութեանդ, իրագործումներուդ մասին, այդ աշխատանքը շատ հեզասահ կ՛ընթանայ նման գործերու եւ ձեռնարկներու ընդէմէջէն: Ուրեմն` պէտք ունինք աղբիւրի, պատմութեան եւ պատմողի: Պատմութիւնը, նոյնինքն մեր ժողովուրդի պատմութիւնն է, պատմողը Անիթա Թութիկեանն է` իր արուեստի ճամբով: Այլ խօսքով, մենք այս հաղորդականութեան միջոցը գտանք Անիթայի մեծ մօր` Հռիփսիմէ Սարգիսեանի ձեռագործի կտորներուն մէջ: Մենք գիտակից ենք մեր աղբիւրին, մենք` Խարբերդէն, չմշկածագցի, հիւսէյնիկցի եւ բերեցի երեք հայուհիներու կը գիտակցինք մեր ունեցած մղիչ ուժ եղող արժէքին եւ Անիթային մեծ մօր ձեռագործին ընդմէջէն գտանք միջոցը եւ զայն ներկայացնելու ձեւը` Անիթային արուեստի ոճով եւ դոկտ. Անահիտի (Տօնապետեան) ու անոր ամուսնոյն Անտրէաս Տիմոփուլոսի արուեստի քննական, խորհրդատու, մեկնաբանի դիտանկիւնէն:
Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան
ԴՈԿՏ. ԱՆԱՀԻՏ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Կը կարծեմ, թէ այս ձեռագործը Անիթային մեծ մայրը բնազդաբար, ինքնաբուխ կերպով աշխատած է եւ ոչ` դիտումնաւոր: Ասեղնագործութեան, անոր ոճին, համեստ կարուածքին, կարկտանին ետին կան խորհուրդներ, կան պատգամներ, որոնք առաջին նայուածքով հաւանաբար ուղղակիօրէն չնկատես: Օրինակ տեղ-տեղ կան ջարդը խորհրդանշող մարմինէն անջատուած գլուխներ, ծաղիկներու ետին` խաչեր: Զգալի է, որ ջարդերու արհաւիրքին նկատմամբ իր պոռթկումը, ընդվզումը փորձած է արտայայտել ձեռագործին ընդմէջէն: Նաեւ ան այս ձեռագործները ասեղնագործած է իր մենութեան մէջ, ինք ունի իր ներաշխարհին հետ առանձնանալու մղում մը, որ յատուկ է «անտաշ արուեստ»-ի ոչ մասնագէտներու հոգեբանութեան, աշխատելաոճին, արտայայտելու ձեւին: Փորձ մըն է, իր ապրած ջարդի սարսափներու «թրոմա»-էն ձերբազատելու:
«Ա.».- Ի՞նչ է այս ծրագիրին նպատակը, թիրախը:
Դ. Ա. Տ.- Կը կարծենք, թէ անիկա կրնայ քաջալերել ուրիշներ: Նմանօրինակ փորձառութիւն ապրած եւ իրենց տան մէկ անկիւնը ձեռագործի նմուշներ, մեծ մայրիկի կողմէ պատրաստուած ու անոր օրերէն մնացած իրեր ունեցողներ կը մտածեն անոնց մէջ թափանցելու. թերեւս անոնք ալ քաջալերուին ու բերեն ցոյց տան իրենց մօտ գտնուող նման ստեղծագործական աշխատանք:
Ա. Մ.- Մեր կատարածը անուղղակի կոչ մըն է, որ ուրիշ հայեր ալ եթէ նման յիշատակներ, ձեռագործներ ունին, բերեն, ցոյց տան, պարզեն, այնպէս` ինչպէս որ են այդ գործերը: Օրինակ, այս ձեռագործին մէջ կան խառն գոյներ, անտաշ կարուածքներ (մոթիֆ), ընդհանուր պատկերի ոչ օրինաչափութիւն, անօրինաչափութիւնը ձեւով մը ինքնին օրինաչափութիւն ստեղծած է:
«Ա.».- Ձեր այս ծրագիրը կը մտադրէ՞ք շարունակել, թէ անիկա պիտի սահմանափակուի ապրիլեան այս ձեռնարկով:
Դ. Ա. Տ.- Այո՛, պիտի շարունակենք, օրինակ կրնանք նման ցուցահանդէս կազմակերպել նոյնինքն Խարբերդի մէջ եւ հաղորդակից ըլլալ այդտեղի արուեստի նմանօրինակ մօտեցումներուն, ոճերուն: Ասիկա կը յիշեցնէ «Վան փրոճեքթ»-ը, երբ Հայաստանէն խումբ մը երաժիշտներ գացին ու հոն իրենց երաժշտական փորձառութիւնները փոխանակեցին տեղւոյն վրայ Վանի մէջ նուագելով:
«Ա.».- Ըստ ձեր պատմածին, այս ձեռագործը խոհանոցի մէջ գործածութեան համար մէկ կողմ դրուած սովորական կտոր կը նկատուէր: Անիթա՛, դուք ինչպէ՞ս յաջողեցաք այդ «սովորական» կարծուած «լաթ»-էն արուեստի ոճը յայտնաբերել:
Ա. Թ.- Ինչպէս ըսի, մասնագիտութիւնս` «զետեղման արուեստ»-ի մէջ է այն, որ որեւէ լքուած, նետուած անպէտք կարծուող առարկայէ մը կրնամ նոր «բան մը» ստեղծագործել` միաժամանակ պահելով անոր ինքնութիւնը: Օրինակ նետուած աթոռ մը կրնամ այնպէս մը «վերակենդանացնել», որ, պահելով հանդերձ անոր էութիւնը, ինքնութիւնը (աթոռ ըլլալու բնոյթը), զայն կը ներկայացնեմ տարբեր դիտանկիւնէ, արուեստի ոճով, ըսենք օրինակ` «իշխանութեան չարաշահում» խորհրդանշող պատգամով: Այս ձեռագործն ալ երբ դիտեցի, մէջս ծնան նման գաղափարներ ու աւելի խանդավառուեցայ, երբ Արփին տեսաւ ու նրտայայտեց իր դիտանկիւնը, որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման դրսեւորում` քաջալերեց զիս ու մտածեցինք այս մասին անդրադառնալ յատուկ ձեռնարկով:
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ