Գանատայի դեսպանը այցելեց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս կաթողիկոս Պատրիարքին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/0130catholiccatholiccos.jpg)
Ուրբաթ, 28 Մարտի երեկոյեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս կաթողիկոս Պատրիարքին այցելեց Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպան Հիլարի Չայլց-Էտըմզ: Հանդիպումին ներկայ եղան գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Պր. Սարգիս Նաճարեան: Աւելի քան ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Սուրիոյ իրավիճակին հետ առընչուած խնդիրներուն, եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մասնաւորաբար քեսապահայութեան տարահանութեան պայմաններուն եւ ողբերգական վիճակին վրայ, որ հետեւանքն է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին թրքական կողմէն ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Մարտի 21-ի գիշերը Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին: Յետադարձ ակնարկով մը ներկայացնելէ ետք Քեսապի հայաւանին պատմութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը Հայութեան համար, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ անկախ ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով Լաթաքիա ապաստանած քեսապահայութեան մարդասիրական օգնութիւն կատարելու անհրաժեշտութենէն, ՄԱԿ-ի կառոյցները եւ մեծ տէրութիւնները պէտք է ազդու միջամտութիւններ կատարեն կանխարգիլելու համար նման յարձակումներու կրկնութիւնը, ապահովելու քեսապահայութեան անվտանգութիւնը եւ անոր վերադարձը իր բնօրրանը:
Գանատայի դեսպանուհին, ուշադիր լսելէ ետք ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որոշ լուսաբանութիւններ տուաւ արծարծուած հարցերու եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ ներկայացուած պահանջներու հետապնդման եղանակներու մասին:
Լրատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի