ԼՕԽ-ի Կազմակերպութեամբ . Հայ Մանուկի Օրուան Նշում` Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 21 մարտին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ մանուկներու օրը:

Բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Քլարա Տովլեթեան` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, որ դիտել տուաւ, թէ մանուկներու օր ճշդուած է` ի պաշտպանութիւն տկար մանուկներուն իրաւունքներուն, որովհետեւ յաճախ եւ ամէնուրեք մեծերուն զոհերը կը դառնան անմեղ մանուկները, որոնք ուժն ու զօրութիւնը չունին անոնց դիմադրելու կամ հակազդելու: Անոր համաձայն, մանուկները լաւապէս կրթելը, անոնց անհրաժեշտ գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը փոխանցելը, ինչպէս նաեւ անոնց վերաբերող համաձայնագիրներու, ծրագիրներու լիուլի գործադրութիւնը դրական անդրադարձ կ՛ունենայ ամբողջ մարդկութեան վրայ, որովհետեւ այսօրուան մանուկը ապագան է, իսկ հոգեպէս, մտային եւ ֆիզիքապէս առողջ մանուկը յուսատու, զարգացած եւ բարգաւաճ ապագայի մը լաւագոյն հիմքն է:

Այս առիթով Քլարա Տովլեթեան շնորհաւորեց աշխարհի, ի մասնաւորի Լիբանանի մանուկները` մաղթելով, որ Աստուած պահպանէ զանոնք, անոնց պարգեւէ խաղաղութեան մէջ ապրելու եւ մնայուն կերպով ժպտալու առիթ:

Ապա հայերէնով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Միհրան Ներսէսեան` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն, որ նշեց, թէ ԼՕԽ-ի կազմակերպած եւ մանուկներուն նուիրուած այս ձեռնարկը առիթ մըն է լուսարձակի տակ առնելու Լիբանանի մէջ իրաւազրկուած մանուկը, յատկապէս հայ մանուկը` մեկնելով այն նշանաբանէն, որ «մանուկը ապագան է եւ ոչ զոհը»:

Անոր համաձայն, աշխարհի ամէնէն բարի, գեղեցիկ, զգայուն ու անմեղ էակը եղող մանուկը թէեւ փոքր է մարմնով, տկար ու թոյլ` բազուկներով, սակայն կը փորձէ մաքուր ու անմեղ աշխարհ մը ստեղծել: «Ի զուր չէ, որ Քրիստոս յատուկ հոգածութիւն տածած է մանուկին հանդէպ` ըսելով. «Թոյլ տուէք մանուկներուն, որ ինծի գան», որովհետեւ մանուկները ընկերութեան յոյսն են, իսկ առողջ մանկութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը ստեղծեն առողջ սերունդ եւ ընկերութիւն», յայտնեց ան:

Լուսարձակի տակ առնելով հայ մանուկը` Մ. Ներսէսեան դիտել տուաւ, որ հայ մանուկը  ազգին ապագայի առաջնորդն ու ղեկավարն է, բժիշկն ու փաստաբանը, ուսուցիչն ու ֆետային, Հայ դատի պաշտպանը, ուստի ո՛չ ոք իրաւունք ունի հայ մանուկը զրկելու հայ դպրոցէն, հայեցի դաստիարակութենէն, հայաբոյր մթնոլորտէն, ուր հայ մանուկին հոգին պիտի հարստանայ հայկական հարուստ արժէքներով:

Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց ամբողջ աշխարհին` գործելու ի խնդիր ապահով ու խաղաղ միջավայրի մը մանուկներու կազմաւորման իմաստով` անոնց փոխանցելով միայն սէր, քաջալերանք եւ գուրգուրանք:

lokh1_Nour-Salman

Նուր Սալման

Շահէ եպս. Փանոսեան

Շահէ եպս. Փանոսեան

Ապա օրուան խորհուրդը փոխանցեց Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, որ ողջունեց սրահին մէջ հաւաքուած մանուկները, շնորհաւորեց զանոնք եւ մաղթեց, որ իսկական մանկութիւն ապրելու կարելիութիւնն ու առիթը ունենան: Այս առիթով ան յորդորեց մանուկներուն ըլլալու հնազանդ, հետեւելու իրենց ծնողներուն ու դաստիարակներուն խորհուրդին եւ ուղղութիւններուն, որովհետեւ անոնք իսկապէս վստահելի են, կ՛ապրին ի խնդիր իրենց զաւակներուն եւ աշակերտներուն կազմաւորման` ոչինչ խնայելով անոնց: Ան նաեւ խօսեցաւ մանուկներուն իրաւունքներուն մասին եւ զանոնք լիուլի յարգելու կարեւորութեան վրայ դրաւ շեշտը:

Նուր Սալման անդրադարձաւ նաեւ հայութեան, յատկապէս լիբանանահայութեան` դիտել տալով, որ անոնք երկրին մէջ ունեցած են դրական ներդրում եւ ներկայութիւն. այս առիթով ան հայ աշակերտներուն կոչ ուղղեց` ըլլալու իրենց նախորդներուն արժանի ժառանգորդը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ հայութիւնը միշտ լաւ անուն եւ վարկ կերտած է:

Իր խօսքի աւարտին ան ուրախութիւն յայտնեց մանուկներու օրուան նման ձեռնարկի մը կազմակերպման համար, շնորհաւորեց ԼՕԽ-ը, գոհունակութիւն յայտնեց հայ մանուկներով շրջապատուած ըլլալուն համար:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան երգեր, պարեր, ասմունք, կարճ ներկայացումներ: Իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Ազգային Ռուբինեան վարժարանը, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը, Վահան Թէքէեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարանը, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանը եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը: Սոյն վարժարաններու աշակերտներուն կողքին ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտները:

Փակման խօսքը արտասանեց եւ մանուկներուն իր օրհնութիւնը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ մանուկները նկատեց Աստուծոյ կողմէ տրուած իւրայատուկ պարգեւներ, որոնց ընդմէջէն կարելի է տեսնել բարութիւնը, ուրախութիւնը եւ յուսատու ապագան: Մանուկներուն ուղղելով իր խօսքը` ան ըսաւ, թէ մանկութիւնը անփոխարինելի գանձ է, որովհետեւ անիկա լի է անմեղութեամբ, անհոգութեամբ, ուրախութեամբ, ուր չկան աշխարհի կոպտութիւններն ու անմարդկայնութիւնները: Սրբազան հայրը` անդրադառնալով ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրին, յոյս յայտնեց, որ Աստուած մանուկներուն տաղանդները լիութեան հասցնէ, որպէսզի անոնք ոչ միայն իրենց ծնողներուն ուրախութեան եւ հպարտութեան առարկան դառնան, այլեւ` ամբողջ ազգին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Շահէ եպս. Փանոսեան աղօթեց, որ Աստուած միայն գեղեցկութիւն, խաղաղութիւն եւ բարութիւնը կը շնորհէ մանուկներուն, որոնք իրենց կարգին այդ բոլորը պիտի տարածեն աշխարհին մէջ: Ան նաեւ բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի կողմէ կազմակերպուած նման ձեռնարկները, որովհետեւ անոնք առիթ են բիւրեղանալու, մանուկներուն անմեղութեան հետ հաղորդակից դառնալու եւ իսկապէս քաղցրանալու:

www.aztagdaily.com

Scroll Up