Արցախցի Զինուորները Հաւանաբար Լաւագոյնն Են Տարածաշրջանին Մէջ. «Ուիքիլիքս»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/1285919268_1201525397-jtouylskoc.jpg)
«Ուիքիլիքս»-ը հրապարակած է «Սթրաթֆոր» ամերիկեան հետախուզական-վերլուծական կեդրոնի աշխատակիցներու գաղտնի նամակագրութիւնները, որոնց մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ: Համացանցին վրայ հասանելի է Եւրասիոյ հարցերով «Սթրաթֆոր»-ի աւագ վերլուծաբան Լորըն Կուտրիչի` 23 փետրուար 2011-ի թուակիր ելեկտրոնային նամակը: Հեղինակը ընկերութեան զեկուցած է Լեռնային Ղարաբաղ կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած տպաւորութիւններուն մասին:
Վերլուծաբանը հաւանաբար շփոթած է արցախցիներու բարբառը` ցուցանակներուն վրայ արձանագրուած գրութիւններուն հետ, որոնք, խորքին մէջ գրուած են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի պետական լեզուով` գրական հայերէնով:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցուցանակները գրուած են ինչպէս Ղարաբաղի հայերէնով, այնպէս ալ ռուսերէնով: Ղարաբաղի հայերէնին եւ սովորական հայերէնին միջեւ տարբերութիւն կայ: Ուշադրութիւն դարձուցէք, որ սովորական հայերէնով գրուած չեն հասարակական ցուցանակները», գրած է ան:
Ամերիկացի վերլուծաբանը իր հիացմունքը արտայայտած է Արցախի բնաշխարհին եւ ճարտարապետական յուշարձաններուն նկատմամբ: «Լեռնային Ղարաբաղը իսկապէս լաւ վայր է այցելելու համար: Անիկա գեղեցիկ է, բերրի, ճամբաները եւ պանդոկները շատ լաւ կառուցուած են, գրեթէ ամէն քայլափոխի կան եկեղեցիներ, յանցագործութիւններու մակարդակը ցած է», դիտել տուած է ան:
Ապա անդրադառնալով արցախցի զինուորներուն` վերլուծաբանը հաստատած է, որ անոնք տարածաշրջանի լաւագոյն զինուորներն են: «Ղարաբաղի հայերը աներեւակայելի կերպով ուժեղ զինուորներ են, թերեւս լաւագոյնը` տարածաշրջանին մէջ: Ազրպէյճանցիները լաւապէս գիտեն այս մասին: Ազրպէյճանցիները պատրաստ չեն պատերազմելու», նշած է ան: